ՔՈԼՈՄՊԻԱՅԻ ԱՐՄԵՆԻԱ ՔԱՂԱՔԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Քոլոմպիայի Արմենիա քաղաքի քաղաքապետ Օսքար Քասթելիանոս Թապարէսը։ Քաղաքապետին կ՚ընկերանար Արտաքին գործոց նախարարութեան Իսթանպուլի պաշտօնատար Էօզքան Տուրմազ։

Օսքար Քասթելիանոս Թապարէս եկած էր Թուրքիա, որպէսզի փոխյարաբերութիւններ ստեղծելու միջոցներ որոնէին առեւտրական գետնի վրայ։ Այս առթիւ խնդրած էին նախարարութենէն, որպէսզի առաջնորդէին զիրենք նաեւ հայոց Պատրիարքարան։

Քաղաքապետը անդրադառնալով իրենց քաղաքի «Արմենիա» անուան՝ փոխանցեց անոր պատմականը։ 1889 թուականին Քոլոմպիայի քաղաքացի մը, որուն անունը անյայտ է, կ՚այցելէ Հայաստան ու մեծապէս կ՚ազդուի Արարատ լեռնէն։ Իր վերադարձին կ՚առաջարկէ պետական աւագանիին ու կը պայքարի նաեւ այդ ուղղութեամբ, որպէսզի իր ապրած քաղաքին անունը «Արմենիա» կոչուի։ Այսպէսով, Հայաստան անունով քաղաք մը կը գոյանայ այս գողտրիկ ու համակրելի երկրին մէջ, որ կը զբաղի սուրճի արտադրութեամբ։

Իր կարգին, նորին սրբազնութիւնը բարի գալուստ մաղթեց քաղաքապետին ու հայոց պատմութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց իրեն։

Շուրջ մէկուկէս ժամուան զրոյցի աւարտին, որ կայացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, քաղաքապետը հրաժեշտ առաւ Պատրիարքարանէն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 13, 2019