ՈՉ ԵՒՍ Է ՓՐՈՖ. ԱՐԱՄ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի բժշկա­կան դա­սու ե­րէց սե­րուն­դի վառ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մին՝ Փրոֆ. Ա­րամ Սու­քիա­սեան։ Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի «Ճեր­րահ­փա­շա» բժշկա­կան ֆա­քիւլ­թէէն ներս եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ դա­սա­խօ­սած շատ ար­ժէ­քա­ւոր մաս­նա­գէտ մըն էր Փրոֆ. Ա­րամ Սու­քիա­սեան, որ ձեռք բե­րած էր բա­րի համ­բաւ եւ իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս կը վա­յե­լէր յար­գանք ու սէր։ Եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րու բժշկա­կան ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին ան միշտ վստա­հու­թիւն ներշն­չած էր իր հի­ւանդ­նե­րուն եւ հա­ղոր­դա­կան նկա­րագ­րով յա­ջո­ղած էր ներ­թա­փան­ցել ա­նոնց ցա­ւե­րուն։ Իսկ իր մաս­նա­գի­տա­կան տա­ղան­դը միշտ ի սպաս դրած էր բո­լո­րին անխ­տիր։ Իր կո­րուս­տով մեր ի­րա­կա­նու­թե­նէն կ՚ան­հե­տա­նայ ե­րէց սե­րուն­դի վառ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն մին, որ իս­կա­պէս կա­րե­ւոր հետք մը թո­ղած է իր ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեամբ։

Ա­րամ Սու­քիա­սեան 1929 թուա­կա­նին ծնած էր Իս­թան­պու­լի մէջ։ 1946 թուա­կա­նին ա­ւար­տած էր Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը։ 1952 թուա­կա­նին վկա­յուած էր Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Բժշկա­կան ֆա­քիւլ­թէէն։ 1957 թուա­կա­նին ա­ւար­տած էր մաս­նա­գի­տա­կան ու­սու­մը։ 1967 թուա­կա­նին ե­ղած էր տո­ցենդ։ Բազ­մա­թիւ գի­տա­կան յօ­դուած­նե­րու հե­ղի­նակ էր։ Այդ բո­լո­րի հի­ման վրայ նուա­ճած էր փրո­ֆէ­սէօ­րի կո­չում։

Այս տխուր առ­թիւ երկ­նա­յին հան­գիստ կը հայ­ցենք Փրոֆ. Ա­րամ Սու­քիա­սեա­նի բա­րի հոգ­ւոյն։

 

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2017