ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼԻ ՎԻՃԱԿ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմը ներկայիս դարձեալ ալեկոծեալ շրջան մը կը դիմագրաւէ։ Նիսի վերջին իրադարձութիւնները եկած են ստեղծել անհանդուրժելի վիճակ մը։ Աւելի քան տասն տարիէ ի վեր տագնապալի կացութիւն մը գոյութիւն ունի Նիսի մէջ եւ վերջին զարգացումներն ալ դժբախտաբար յոռետեսութիւն կը ստեղծեն այդ խնդիրներու յաղթահարման տեսակէտէ։ Արդարեւ, Նիսի հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աբեղայ Խաչատրեանի հովուատան կղպանքը փոխուած եւ նամակատուփը տեղէն հանուած էր վերջերս։ Այս իրավիճակին մէջ ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան։ Ան յայտնեց, որ հովուատունէն ներս տեղի ունեցած է նաեւ կողոպուտ։

Նորին սրբազնութեան յայտարարութիւնները որոշ չափով զգայացունց են։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթն ալ կը մատնանշէ, որ ի տարբերութիւն առաջին փուլին շրջանառութեան մէջ մտած լուրերէն՝ թեմակալ առաջնորդը օրակարգի վրայ բերած է նաեւ կողոպուտի մը խնդիրը։ Ան Հայաստանի tert.am կայքէջին շաբաթավերջին տուած հարցազրոյցին մէջ ըրած է շատ կարեւոր մատնանշումներ։ Իր համոզմամբ՝ Նիսի մէջ հովուատան կողոպուտի ետին կանգնած են այն ուժերը, որոնք հաշտութեան համաձայն չեն։ Հարկ է նշել, որ Ֆրանսայի թեմը ջանքեր կը գործադրէ հաշտութեան հասնելու համար Նիսի այն շրջանակներուն հետ, որոնք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ  անունը օգտագործելէ զրկուած ըլլալով հանդերձ կը յաջողին իրենց հակակշռին տակ պահել հայկական եկեղեցւոյ շէնքը։ Մինչ այդ, ամենավերջին դէպքերուն կապակցութեամբ ֆրանսական դատական իշխանութիւնները կը պատրաստուին արձակել վճիռ մը, որ կրնայ յստակացնել առկայ փուլին հարցականները։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի կողմէ tert.am կայքէջի տրուած հարցազրոյցը։ Հարցազրոյցը վարած է կայքէջի աշխատակիցներէն Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ մեկնաբանութիւններ կատարած է Նիսի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։

«Հ. Գրիգորը հիմա թեմի ընդհանուր փոխանորդն է, միշտ չէ, որ Նիս կ՚ըլլայ։ Երկու օր առաջ լուր հասաւ, որ անոր տունը կողոպտած են։ Ինք մտահոգ մեկնեցաւ հոսկէ։ Պարզուեցաւ, որ ճիշդ է։ Ես ալ իրեն ըսի, որ ոստիկանութիւն կանչէ, եւ Երկուշաբթի առաւօտ դատ տեղի պիտի ունենայ, պիտի տեսնենք՝ ո՞վ է, ինչո՞ւ նման բան ըրեր է։ Բացի տունէն, նաեւ անոր նամակատուփն ալ կողոպտած են», ըսած է ան աւելցնելով, որ հիմա շատ բան չեն կրնար ըսել, չեն գիտեր, թէ ի՞նչ է եղած է։ «Անշուշտ կասկածներ կան, որ այդ նոյն խառնակիչ խումբը ըրած է, որ տասը տարիէ աւելի է եկեղեցւոյ տիրացած է։ Շատ կասկածներ կան, բայց չենք կրնար խօսիլ։ Դատարանին մէջ ամէն ինչ կը պարզուի», շարունակած է ան:

Վահան սրբազան յայտարարած է, թէ իրենք կը բանակցին հայ ժողովուրդի այն ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք համախմբուած են կարգալոյծ եղած հոգեւորականներու շուրջը։

«Մեզի հետ կապի մէջ են անոնք։ Ես անոնց մօտեցայ ընտրուելէս յետոյ, ուզեցի իրավիճակը շտկել, համերաշխութեան յանգիլ», ըսած է ան՝ նշելով, որ ինք եւ այդ մարդիկը համոզուած են, որ ներկայի պառակտումը պէտք է վերնայ: «Այդ երկխօսութիւնը հիմա կը շարունակուի։ Մենք անցեալ Հինգշաբթի ժողով ըրինք, որոշեցինք, որ երկու կողմ պէտք է ըլլայ՝ թէ՛ մեր, թէ՛ ալ իրենց կողմէ մարդիկ պէտք է ըլլան, որպէսզի յաջորդ քայլերը առնենք դէպի հաշտութիւն եւ միացում», շարունակած է ան:

«Այս տասը տարուան վիրաւորական վիճակը չես կրնար վերցնել մէկ շաբթուան կամ ամսուան ընթացքին։ Բայց մեծ քայլեր առինք։ Անոնց հետ խօսիլը, հաշտութեան մասին խօսիլը երեք տարի առաջ անկարելի էր։ Հիմա քայլերու ցանկ ունինք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, եւ երկու կողմերն ալ համաձայն են։ Դրական քայլերու վրայ պէտք է կեդրոնանանք։ Ես դեռ յոյս ունիմ, որ այս հարցը լուծումի կը յանգի», ըսած է Վահան սրբազան՝ նշելով, որ «հաշտութիւնը կ՚ենթադրէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերադարձ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդներուն։ Բարերարները զայն կառուցած են մեր եկեղեցւոյ համար, ոչ թէ աղանդի կամ կարգալոյծ եղած քահանայի համար։ Եթէ զգացինք, որ իրենք լուրջ տրամադրութիւն չունին հաշտութեան, մենք կը շարունակենք դատական գործընթացը։ Դատի յաղթանակը մերն է։ Բարերարները այդ եկեղեցին կառուցած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ համար»։

Թէ ինչո՞ւ կողոպտած են Հ. Գրիգորի տունը, Վահան սրբազան պատասխան չունի, կրկնելով՝ որ դատարանը պիտի պարզէ: «Ինծի համար տրամաբանական չէ, որ նոյն խումբը, որ մեզի կ՚ըսէ՝ եկէք հաշտուինք, խօսինք, անցեալի վէրքերը բուժենք, փորձէ կողոպտել քահանային տունը։ Նորէն կ՚ըսեմ՝ պատճառը չեմ գիտեր. երանի գիտնայի։ Սպասենք, թէ Երկուշաբթի օրը ի՞նչ կ՚ըլլայ», ըսած է առաջնորդը:

Դիտարկումին, թէ Հ. Գրիգոր կարծէք վստահ է, որ տունը կողոպտողները կարգալոյծ հոգեւորականներն են, Վահան սրբազան պատասխանած է. «Կարգալոյծ հոգեւորականը հոն չ՚ըլլար։ Ան տօնական օրերուն կու գայ եկեղեցի, պատարագ կը մատուցէ ու կ՚երթայ։ Անկարելի է, որ ինք ըրած ըլլայ ատիկա։ Բայց անոր շուրջ մարդիկ կան, որոնք հարցեր ունին նախաձեռնուած հաշտութեան հետ։ Հիմա թէ՛ մեր կողմը, թէ՛ ալ միւս կողմը մարդիկ կան, որոնք չեն ուզեր, որ հաշտութիւն ըլլայ։ Մե՛ր կողմն ալ մարդիկ կան, որոնք շա՜տ վիրաւորուած են եւ չեն ուզեր հաշտուիլ անոնց հետ։ Ամէն անգամ երբ մենք կը մօտենանք անոնց՝ հաշտութեան համար, խոչընդոտներ կը գտնեն. նամակներ կը գրեն, մամլոյ ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն, թէ անոնք մեզի կը հայհոյեն։ Հետեւաբար, տունը կողոպտողը մէկն է, որ հաշտութեան հետ համաձայն չէ, մէկն է, որ կ՚ուզէ աղմուկ հանել՝ այս քայլերուն դէմ։ Սպասենք Երկուշաբթի օրուան, տեսնենք՝ դատը ի՞նչ կը պարզէ։ Ուրիշ պատճառ ալ կրնայ ըլլալ. գուցէ տունը հրդեհ ծագած է, անոնք բանալին չեն ունեցած, մարած են (հրդեհը), յետոյ՝ դուռը կղպած։ Ես իրենց հետ ալ կապուեցայ, շատ հանգիստ պատասխանեցին, որ պիտի պարզեն՝ ի՞նչ պատահած է»։

Ըստ Վահան սրբազանի՝ եթէ պարզուի, որ նոյն խումբը, որ իրենց հետ կը նստի, հաշտութեան համար բանակցութիւններ կը վարէ՝ Հ. Գրիգորի տունը կողոպտած է,– ինչ որ իր՝ Վահան սրբազանի կարծիքով անտրամաբանական է,– կը նշանակէ, որ անոնք չեն հասկնար իրենց շահը:

«Այդ պարագային՝ մենք կը շարունակենք դատարանով մեր շահերը պաշտպանել, մեր քայլերը կը շարունակենք։ Մենք կորսնցնելիք բան չունինք։ Միակ վնասը, որ կայ, որպէս սրբազան կը խօսիմ՝ մեր զաւակներու պառակտումն է։ Մեր ժողովուրդն է, որ պառակտուած է, ոչ թէ՝ եկեղեցին», եզրափակած է ան:

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018