ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան դէպի Պէյրութ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ հիւրընկալուեցաւ Կարէն Կարապետեան, որու ընկերակից պատուիրակութեան մաս կազմեցին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Երէկուան բանակցութիւններուն կապակցութեամբ Կարէն Կարապետեան եւ Սաատ Հարիրի սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետներու ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուեցաւ, որ Հայաստան եւ Լիբանան ամուր քաղաքական կամքով կ՚որոնեն տնտեսական համագործակցութեան զարգացում։ Այս նպատակով երկու երկիրները կը ծրագրեն ներդրումային հիմնադրամ մը ստեղծել։ Այս համատեղ հիմնադրամը պիտի խրախուսէ երկկողմանի ծրագիրները եւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացման նպատակին պիտի ծառայէ։ Ասուլիսի ընթացքին Սաատ Հարիրի խօսեցաւ Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւններու պատմական խորքին մասին։

Երկկողմանի նախաձեռնութիւններուն նպաստելու խնդիրը քննարկելու ժամանակ երկու վարչապետները կանգ առին նաեւ մօտաւոր ապագային Հայաստան-Լիբանան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի մը կազմակերպման վրայ։ Կարէն Կարապետեան Պէյրութի մէջ յայտարարեց, որ երկու երկիրները կրնան համագործակցիլ բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ. ինչպէս՝ արդիւնաբերութիւն, ոսկերչութիւն, դեղագործութիւն, գիւղատնտեսութիւն, զբօսաշրջութիւն եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններ։ Հայ-լիբանանեան բանակցութիւններուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ արեւային եւ այլընտրանքային ուժանիւթի արտադրութեան զարգացման խնդիրները։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այցելեց նաեւ Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ Նորին Սրբութիւնը հիւրընկալեց վարչապետը, որ շրջայց մը կատարեց Անթիլիասի վանքի համալիրէն ներս։

Այսօր ալ, Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Կարէն Կարապետեանի ի պատիւ ընդունելութիւն մը կազմակերպած է հայկական դեսպանատան մէջ։

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018