ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի կողմէ։ Քվիրիքաշվիլի եւ Ռասիզատէ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ ընդգծեց, որ Քվիրիքաշվիլիի այցելութիւնը կարեւոր դեր մը կ՚ունենայ Վրաստան-Ատրպէյճան բարեկամութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Ան կանգ առաւ երկու հարեւան երկիրներու բազմակողմանի համագործակցութեան վրայ եւ ընդգծեց, որ 2012 թուականէն ի վեր Ատրպէյճան առաջին կարգի վրայ է Վրաստանի մէջ ներդրում կատարած արտասահմանեան երկիրներու շարքին։ Ըստ Ալիեւի, Պաքու-Թիֆլիզ գործընկերութեան բնոյթը տարածքաշրջանայինէն կը փոխուի արդէն դէպի համաշխարհային։

Իր կարգին, Քվիրիքաշվիլին ալ ընդգծեց, որ Վրաստանի տեսակէտէ ռազմավարական գործընկերութեան նշանակութիւն ունին Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները։ Ըստ իրեն, տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական առումով կարեւոր կը համարուին երկու երկիրներու միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները։

Երեքշաբթի, Մարտ 13, 2018