ԼԱՅՉԱՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաք այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս առաւօտ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը։ Օրուան տեւողութեան Միրոսլաւ Լայչաք ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան նախատեսուած է նաեւ Մնացականեանի եւ Լայչաքի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 13, 2019