ԲԵՌՆԱՏԱՐԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ԿՐԱԿ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ԲԱՂԱՆԻՍԻ ՄԷՋ

Երէկ ուշ երեկոյեան բախումներ տեղի ունեցան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը այս անգամ հրադադարը խախտեցին Հայաստանի սահմանի հատուածէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ատրպէյճանական զօրքերը կրակ բացին հայկական քաղաքացիական բեռնատարի մը վրայ, Տաւուշի մարզի Բաղանիս համայնքի մօտակայքին։ Դէպքը տեղի ունեցաւ 22.30-ի սահմաններուն, Իջեւան-Նոյեմբերեան ճանապարհի Բաղանիս-Ոսկեպար հատուածին մէջ։ Ինքնաշարժը կրեց վնաս, սակայն վարորդը բարեբախտաբար չտուժեց։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ հայկական ստորաբաժանումներու պատասխան կրակէն յետոյ ատրպէյճանական զօրքերու կրակը դադրած է։

Ըստ նոյն աղբիւրներուն, սահմանամերձ գիւղերուն մէջ գիշերը ընդհանրապէս տիրած է հանգիստ մթնոլորտ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018