ԹՈՂԵԼ ԴԻՄԱԿՆԵՐԸ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ տագնապի պարագային ժամ առաջ պէտք է մէկ կողմ թողուին դիմակները։ «Մենք կը փափաքինք, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի առկայ թատրոնը մէկ կողմ լքուի եւ բոլորը դաշտի վրայ հանդէս գան իրենց իսկական դէմքով», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ այդ թատրոնին հետեւանքով աշխարհ դէմ յանդիման մնացած է արդի պատմութեան ամենամեծ սպառնալիքով։ Էրտողանի համոզմամբ, ոեւէ մէկը իրաւունք չունի՝ Միջերկրականն ու Սուրիան նետելու զինուորական ուժի պայքարներու կրակին մէջ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա անհանգստութիւն կը զգայ՝ կարգ մը երկիրներուն Սուրիան ուժի ցոյցի մը դաշտի վերածելու ուղղեալ քայլերէն։ Թրքական կողմը պիտի չհրաժարի թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ դաշնակից ըլլալէ եւ թէ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ համատեղ աշխատանքէ։ «Մարդասպան Էսատի վարչակարգը պաշտպանողները, ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը խրախուսողները սխալ կը գործեն։ Սուրիոյ պարագային իր գտնուած վայրէն ներս ապահովութիւն եւ անդորրութիւն ապահոված միակ երկիրը մենք ենք», ըսաւ Էրտողան։

Անգարայի աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան երէկ դարձեալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ան վերջին օրերուն իրերայաջորդ կը զրուցէ թէ՛ Փութինի եւ թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թարմփի հետ։ Փութին եւ Էրտողան երէկուան զրոյցին ընթացքին համաձայնեցան անմիջական շփման մէջ մնալու ուղղութեամբ։

Սուրիոյ ճգնաժամին հետ շահագրգռուած յառաջատար մայրաքաղաքներէն կը հնչեն հակասական պատգամներ։ Յամենայնդէպս դաշտի վրայ թափով յառաջ կը տարուին ռազմական պատրաստութիւններ, որոնք առարկայ կը դառնան մտահոգութեան։ Թրամփ երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ կրնան հարուած հասցնել անմիջապէս կամ կրնան ընդհանրապէս բան մը չընել։ Փութին յայտարարեց, որ Սուրիոյ համար հաղորդակցութեան ճանապարհները բաց են։ Մոսկուա շարունակ արեւմուտքը կը զգուշացնէ, որ ռազմական գործողութիւնները կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ։ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի չմասնակցի Սուրիոյ դէմ հաւանական միջամտութեան։ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն ըսաւ, որ փաստեր կան քիմիական զէնքերու օգտագործուած ըլլալուն մասին։ Չինաստանի ղեկավարութիւնն ալ առկայ ծանր իրավիճակին մէջ տեղեկացուց, որ լարուածութիւնը պէտք է ժամ առաջ նուազի։

Ուրբաթ, Ապրիլ 13, 2018