ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Նախընթաց օր Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական յարձակումը կատարած էին սահմանամերձ Տեղ գիւղին վրայ։ Հայաստանի հարաւին պատահած այս յարձակման հետքերով երկու օրէ ի վեր կը շարունակուին իրադարձութիւնները։

Մոսկուայէն երէկ հաղորդուեցաւ, որ Երեւան եւ Պաքու այս փուլին կանաչ լոյս կը վառեն վերստին ռուսական կողմի միջնորդութեամբ բանակցելու համար։ Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի կողմէ։ Մինչ այդ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ յայտարարեց, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու հասցէագրման՝ իրատեսական չի համարուիր տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը։ Հարկ է նշել, որ Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանին, որ տարածաշրջանային այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Մինչ այդ, Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Տերէք Հոկանի հետ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2023