Հինգշաբթի 26, Դեկտեմբեր 2024
«ՄԻԱՅՆ ԳՈՒՄԱՐԻ ՀԱՄԱՐ…»
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Եան-Քլոտ Եունքէր յայտնեց, որ ԵՄ-ի անդամ կարգ մը երկիրներ հաւատարմութիւն ցոյց կու տան միայն երբ խօսքը կը վերաբերի գումարներուն, դրամ կամ այլ օժանդակութիւններ ստանալու։ Անոնք մասնակի եւրոպացիներ են համերաշխութեան հարցերուն շուրջ։
«Կը կարծեմ, որ Եւրոպան պիւֆէ մը չէ, ուր կարելի է ընտրել ուտելիքները։ Իմ կարծիքով, Եւրոպայի մէջ պէտք է ուտել այն ինչ, որ կը մատուցուի։ Կան համատեղ որոշումներ, որոնք պէտք է կատարուին», ըսաւ Եունքէր՝ գերմանական հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին մէջ։
Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016