ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Լիւքսեմպուրկ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպում մը կ՚ունենայ Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Քսավիէ Պեթէլի հետ։ Երկու վարչապետները առանձնազրոյցէ վերջ քննարկումներ կը ծաւալեն ընդլայնուած կազմով։ Լիւքսեմպուրկի խորհրդարանի նախագահ Ֆերնանտ Էտկէն ալ կը հիւրընկալէ Նիկոլ Փաշինեանը, որու ի պատիւ կը սարքէ ճաշկերոյթ մը։ Փաշինեան հանդիպում կ՚ունենայ նաեւ Լիւքսեմպուրկի երեսփոխաններուն հետ։

Լիւքսեմպուրկէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան կ՚ուղեւոր-ւի Պրիւքսել, ուր մասնակցութիւն կը բերէ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեայ յոբելեանին ձօնուած պաշտօնական ընթրիքին։ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տանըլտ  Թուսքի տանտիրութեամբ նախատեսուած է այս հաւաքոյթը։

Ուղեւորութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանին կ՚ընկերանան կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2019