ԳՈՐԾԱՐՔԸ ԿԸ ՀԱՍՈՒՆՆԱՅ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղի՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման նիւթը կը շարունակէ արձագանգ գտնել մարզական աշխարհէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իտալական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ «Ռոմա» ակումբի եւ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման համար։

Ըստ վերջին լուրերուն, «Արսենալ» կը ձգտի վաճառել Հենրիխ Մխիթարեանը եւ այս ուղղութեամբ կրնայ համաձայնութեան գալ «Ռոմա»ի հետ։

Աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ Հենրիխ Մխիթարեանն ալ նոյն ուղղութեամբ փափաք յայտնած է իր գործակալին։ Արդարեւ, ան կ՚ուզէ մնալ Հռոմի մէջ, անոր դիւր կու գայ աշխատանքը Իտալիոյ մայրաքաղաքային ակումբէն ներս՝ ու մանաւանդ աւագ մարզիչ Ֆոնսեքայի հետ։

Մխիթարեան ներկայիս «Ռոմա»ի կազմին մէջ կը գտնուի՝ «Արսենալի» հետ կնքուած վարձակալութեան պայմանագրի մը հիման վրայ։ Այդ պայմանագրին ժամկէտը իր աւարտին պիտի հասնի յունիսի 30-ին։ Քորոնաժահրի համաճարակին հետեւանքով Իտալիոյ առաջնութիւնը ներկայիս ընդհատուած է եւ յայտնի չեն իր սկսման ժամկէտները։ Յամենայնդէպս, Հենրիխ Մխիթարեան «Ռոմա»ի մարզաշապիկը պիտի կրէ մինչեւ ներկայ մրցաշրջանի աւարտը՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ ան ե՛րբ պիտի վերջանայ։

Հենրիխ Մխիթարեան «Ռոմա»ի մարզաշապիկով ցարդ արձանագրած է 6 կոլ ու դարձած՝ 3 կոլային փոխանցման հեղինակ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020