ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԻՒՍԻՍԻՆ ՀԵՐԹԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը երէկ նոր հերթապահութիւն մը իրականացուցին Սուրիոյ հիւսիսին՝ անցեալ մարտին երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ։ Սա տասներորդ հերթապահութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ M-4 մայրուղիի մերձակայքին։ Այսպէս, այդ ցամաքուղիի արեւելեան ծայրամասի Թրումպայէն (Իտլիպի մէջ) սկսաւ հերթապահութիւնը եւ հասաւ մինչեւ արեւմտեան ծայրամասը, որ կը բացուի դէպի Լաթաքիա։ Ցամաքուղիի դէպի հիւսիսը եւ հարաւը 6-ական քիլօմեթր խորութեամբ միջանցք մը այսպէսով կ՚ապազինուի։

Թէ՛ թրքական եւ թէ ռուսական ցամաքային զօրքերը քորոնաժահրի դէմ պաշտպանուած ձեւով իրականացուցին հերթապահութիւնը։ Ցամաքային զօրքերուն ուղեկցեցան նաեւ զինեալ անօդաչու թռչող սարքեր։

Հերթապահութեան ընթացքին Նէյրապ գիւղի մօտակայքին շարք մը արմատական ուժեր բողոքի ցոյց ըրին ռուսական զօրքերուն դէմ եւ թրքական զօրքերը միջամտեցին դէպքին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020