ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Շաբաթավերջին Ալմաթիի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ բանակցութիւնները աւարտելէ վերջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Իըն Պորկը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Պայրամով Ալմաթիի մէջ պայմանաւորուեցան շարունակել բանակցութիւնները այն հարցերուն շուրջ, որոնց պարագային տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին։ Անոնք ողջունեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցին մէջ յառաջընթացը եւ այս ուղղութեամբ գոյացած պայմանաւորուածութիւնները։ Նախարարներուն գլխաւորած պատուիրակութիւնները շարունակեցին քննարկումները՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ երկկողմանի համաձայնագրի նախագծին վրայ։

Ալմաթիէ վերադարձին Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ Իըն Պորկի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման սկզբունքի ամրագրումը կրնայ վերջ տալ երկարամեայ հակամարտութեան ու կրնայ ապահովել կայուն խաղաղութեան հաստատումը»։

Երկուշաբթի, Մայիս 13, 2024