«ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՍՑԷԻՆ ՎԱՐԿԱԲԵԿԻՉ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ»

Երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միաբաններու արտահերթ խորհրդակցութիւն մը։ Այս ժողովին մասնակցութիւն բերին այն քահանայ հայրերը, որոնք կը պաշտօնավարեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի դէմ սանձազերծուած վերջին պարսաւանքները, մանաւանդ շաբաթավերջին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէ ներս պատահած միջադէպը։ Ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Խոր ցաւով եւ վրդովմունքով անդրադարձանք Յունիսի 10-ին Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի ժամանակ բողոքի ցոյց կազմակերպած եկեղեցական եւ աշխարհական անձերու անթոյլատրելի գործողութիւնները։ Յայտնի գործող անձերու կողմէ ոտընձգութիւն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ սրբութեան դէմ, որուն կ՚ուղեկցէին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ եկեղեցականներու հասցէին վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ։ Անոնց կողմէ փորձ կատարուեցաւ խոչընդոտել Ս. Պատարագի թափօրի ընթացքը եւ խաթարել եկեղեցիէ ներս աղօթական մթնոլորտը։ Այս քայլը ուղղուած է Մայր Եկեղեցւոյ դէմ՝ վիրաւորելով անոր բազմաթիւ հաւատացեալներու հոգեւոր զգացումները։ Փառք Աստուծոյ, եկեղեցականներու եւ հաւատացեալներու միջամտութեամբ հնարաւոր եղաւ խուսափիլ ընդհարումէ։ Խստօրէն կը դատապարտենք կատար-ւածը եւ կ՚արձանագրենք, որ Ս. Աւետարանի ոգիին եւ պատգամին հակառակ այդ բոլոր նախաձեռնութիւնները կը խրախուսեն եւ կ՚ուղղորդեն Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան եւ քանի մը եկեղեցականներ։ Դժբախտաբար ցարդ Հայր Կորիւնը եւ իր կողմնակիցները կ՚անտեսեն ինչպէս մեր՝ միաբաններուս, այնպէս ալ եպիսկոպոսաց դասու, թեմակալ առաջնորդներու, հոգեւոր հովիւներու եւ մտահոգ հաւատացեալներու ջանքերն ու յորդորները։ Միաբանական ժողովը քննարկումներու արդիւնքին որոշեց նաեւ դիմել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝ Կորիւն Աբեղայ Առաքելեանի հակականոնական եւ հակաեկեղեցական ընթացքը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգապահական յանձնախումբին մէջ քննութեան առնելու համար»։

ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ

Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ան ըսաւ. «Մենք գիտենք, որ բարեփոխումներ պէտք է ընենք, բայց ոչ բռնաճնշումներու, ատելութեան ներքեւ»։

Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, որ թէեւ եկեղեցականներու համար ուրախալի է եկեղեցւոյ նկատմամբ որեւէ հետաքրքրութիւն, սակայն պարզապէս տարօրինակ է, որ այդ հետաքրքրութիւնը այնպիսի տեսք մը կը ստանայ, որ եկեղեցականներու կողմէ անընդունելի կը համարուի։ «Կը հասկնամ քննադատութիւնները, խնդիրներու մատնանշումը, բայց անհասկնալի է ատելութեան այն քարոզը, որով կ՚ուղեկցուին այդ մտահոգութիւնները։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձի հանգամանքի տարանջատումը Հայ Եկեղեցիէն ոչ միայն անթոյլատրելի է, այլեւ անհեթեթ», ըսաւ դիւանապետը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018