ԹԱՆՏԻԼԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

Հայաստանի նոր կառավարութեան անդամներէն մին երէկ լքեց իր պաշտօնը։ Այսպէս, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանտիլեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան ձեւաւորման շատ կարճ ժամանակ վերջ եկած է վրայ հասնիլ այս հրաժարականը։

Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Մանէ Թանտիլեան հրաժարականին կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ան պաշտօնը լքած է պարտադիր կուտակային համակարգը հաստատելու նպատակով կառավարութեան կողմէ ընդունուած վերջին որոշումներուն բերումով։ Ընկերային ապահովութեան համակարգին համար կուտակուելիք գումարներու դրութեան առընչութեամբ տարակարծութիւններ յառաջացած են ոլորտի նախարարին մօտեցումներուն եւ կառավարութեան կողմէ ընդունուած որոշման միջեւ։ Այս պայմաններուն ներքեւ Մանէ Թանտիլեան որոշած է հեռանալ պաշտօնէն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018