ՎԻԹԽԱՐԻ ԱՐԴԻՒՆՔ

Էսկիշեհիրի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը, որ եկաւ ազդարարել TANAP-ի (Անդրանատոլեան բնական կազի խողովակաշար) պաշտօնական բացումը։ Այսպէսով Թուրքիա ուժանիւթի բնագաւառէն ներս վիթխարի նոր ձեռքբերում մը ապահովեց։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ երկիրը հետզհետէ կը դառնայ տարածքաշրջանային ուժանիւթի ցանցերու կեդրոնը։

TANAP-ի միջոցաւ Ատրպէյճանի Կասպից ծովու «Շահտենիզ 2» պաշարներու բնական կազը Վրաստանի եւ Թուրքիոյ վրայով կը փոխադրուի դէպի Եւրոպա։ Կասպից ծովու հարաւային հատուածի պաշարներէն արդիւնահանուած բնական կազը Եւրոպա տեղափոխութեան ճանապարհին պիտի դիմագրաւէ նաեւ Թուրքիոյ բնական կազի տարեկան կարիքին աւելի քան 10 տոկոսը։ Այսպէսով, Պաքու-Թիֆլիզ-Ճէյհան նաւթամուղ խողովակաշարին եւ Պաքու-Թիֆլիզ-Էրզրում կազամուղին կը յաջորդէ TANAP, որ կը համարուի Հարաւային կազի հոսքի ծրագրի ողնայարը։ Ընթացքին արդէն կառուցուած էր նաեւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին։ Հայաստանեան լրատուամիջոցները կը մատնանշեն, որ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան կեանքի կոչած են այն հերթական ծրագիրը, որով կը շրջանցուի Հայաստանը։ Հարաւային կազի հոսքի ծրագրերը կը նպաստեն թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման անվտանգութեան։ Կասպից ծովու պաշարները անվտանգ ու տնտեսապէս արդարացուած ուղղութիւններով կը փոխադրուին միջազգային շուկայ, տարածքաշրջանէ ներս համագործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդումով հանդերձ։

Երէկ, Էսկիշեհիրի մէջ TANAP-ի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Ուքրայնոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը, Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Կուչիչ եւ բազմաթիւ երկիրներէ ներկայացուցիչներ։

Արարողութեան ընթացքին Էրտողան նշեց, որ շնորհիւ TANAP-ի, Թուրքիա կը դադրի տարանցիկ երկիր մը ըլլալէ ու կը ստանայ բանալի դիրք մը, որով դերակատարութիւն կ՚ունենայ արտադրողէն դէպի վերջնական սպառող ցանցի բոլոր փուլերուն։ Թուրքիոյ տեսլականն է տարածքաշրջանային ուժանիւթի ցանցերու կեդրոնը դառնալ եւ շնորհիւ TANAP-ին, քայլ մը եւս մօտեցած է այդ նպատակին։ Էրտողան յիշեցուց, որ TANAP կը համարուի՝ ուժանիւթի «Մետաքսի ճանապարհը»։ Սա բազմակողմանի համագործակցութեան օրինակ մըն է։ Խողովակաշարը պիտի նպաստէ իր ուղղութեամբ գտնուող բոլոր երկիրներու զարգացման։ Նախագահը ընդգծեց, որ ուժանիւթի բնագաւառը պատմութեան ընթացքին եղած է մրցակցութիւններու դաշտ, իսկ Թուրքիա վերջին տարիներուն այդ մէկը վերածած է համագործակցութեան գետնի։

Հաւաքոյթի ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ Աքքույուի եւ Սինոփի հիւլէակայանները յառաջիկայ տարիներուն պիտի սկսին գործարկուիլ եւ այսպէսով նոր հորիզոններ պիտի բացուին Թուրքիոյ ուժանիւթի արտադրութեան առջեւ։ «Մեր առջեւ տակաւին կան աւալի մեծ թիրախներ», ըսաւ ան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 13, 2018