ԱՄԵՆԷՆ ԵՐԿԱՐ ՓԻՑՑԱՆ

Երեւանի մէջ Մանուկներու պաշտպանութեան օրը պատրաստեցին Հայաստանի ամենէն երկար փիցցան, որուն երկարութիւնը 13 մեթր էր, լայնութիւնը՝ 65 սանթիմեթր: «Տորիա կարտա» ընկերութեան շուկայադրումի եւ վաճառքի բաժնի տնօրէն Սիրան Ապաճեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ այս չափանիշը հաւանաբար կ՚ընդգրկուի «Դիւցազնագիրքին մէջ»:

Այս նախաձեռնութիւնը գնահատելու եկած էին քանի մը տասնեակ մանուկներ եւ մեծահասակներ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ վերջին անգամ մրցանիշ սահմանուած էր մայիսին, տոլմայի փառատօնի ժամանակ, երբ հայ խոհարարները 100 մեթրնոց տոլմա եփած էին: Աւելի առաջ ալ «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ ներառուած էր հայկական աւանդական գաթան:

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019