Կիրակի 29, Դեկտեմբեր 2024
ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ հանդիպում մը ունեցան Կեպելէի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին ռազմական ոլորտէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ յոյս յայտնեցին, թէ համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի պիտի խորանայ ապագային։ Նախարարները 2019 թուականի համար ստորագրեցին նաեւ համագործակցութեան ծրագիր մը։
Կեպելէի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի, Լեւան Իզորիայի եւ Զաքիր Հասանովի եռակողմանի հանդիպումը։ Այս եռակողմանի ձեւաչափին մէջ բանակցութիւնները կը շարունակուին 2012 թուականէն ի վեր։ Երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները Կեպելէի մէջ իրականացուցին իրենց 7-րդ հանդիպումը։
Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2019