ԼՈՒՐՋ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ
Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան երէկ իր պաշտօնէն ազատուեցաւ՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախագահի հրամանագրին մէջ նշուած է, որ այս կարգադրութեան համար հիմք ընդունուած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը։
Քանի մը օր առաջ Արտակ Զէյնալեան արդէն ներկայացուցած էր հրաժարականի դիմումը։ «Մեր ժողովուրդի համար այս պատմական ժամանակահատուածին նախարարի լիազօրութիւն ստանձնելը գերպատասխանատու, բայց նաեւ որպէս իրաւապաշտպան՝ գործունէութիւն ծաւալելու ընթացքին ի յայտ եկած իրաւական խնդիրները քայլ առ քայլ լուծելու հնարաւորութիւն ունենալու միտուած քայլ մըն էր», նշած է Արտակ Զէյնալեան հրաժարականի յայտարարութեան մէջ եւ աւելցուց, որ գոհ է այդ քայլը առած ըլլալու համար։
Արտակ Զէյնալեան երկար տարիներ գործունէութիւն ծաւալած էր որպէս իրաւապաշտպան եւ իշխանափոխութենէն վերջ իրեն վստահուած էր արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը։ Հրաժարականի յայտարարութեան մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ նախարարութեան աշխատակիցներուն։ Զէյնալեան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային գործընկերներուն, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն՝ համատեղ աշխատանքի համար։
«Վստահ եմ՝ լաւ պիտի ըլլայ, սակայն եթէ լաւ չըլլայ՝ պիտի ըլլայ շատ լաւ», նշեց ան։
Արտակ Զէյնալեանի հրաժարականը կը զուգադիպի այնպիսի ժամկէտի մը, երբ արդարադատութեան համակարգէ ներս արմատական բարեփոխումներու խնդիրը հրատապ օրակարգ դարձած է Հայաստանի մէջ։
Միւս կողմէ, երէկ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Նունէ Խաչատրեանն ալ ազատուեցաւ իր պաշտօնէն։
Կարճ ժամանակ առաջ իր պաշտօնէն հրաժարած էր նաեւ Հայաստանի Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, որ երկար տարիներ եղած էր նաեւ Սահմանադրական ատեանի նախագահ։