ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Ե­թով­պիոյ նո­րան­շա­նակ դես­պան Կրում Ա­պայ Թե­շո­մէ­նը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը եւ ո­րու նստա­վայ­րը կը գտնուի Մոս­կուա­յի մէջ։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան այս առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց նո­րան­շա­նակ դես­պա­նը եւ յոյս յայտ­նեց, թէ ա­նոր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի եւ Ե­թով­պիոյ մի­ջեւ կա­պե­րը պի­տի խո­րա­նան ու պի­տի ամ­րապն­դուին։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ հայ եւ ե­թով­պա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ տա­կա­ւին 7-րդ դա­րուն կազ­մա­ւո­րուած է Ե­թով­պիոյ հայ հա­մայն­քը, որ նշա­նա­կա­լի ա­ւանդ մը ու­նե­ցած է երկ­րի հա­սա­րա­կա­կան, քա­ղա­քա­կան ու մշա­կու­թա­յին կեան­քէն ներս։ Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը ա­մուր հիմք մը կը հա­մա­րուի մեր օ­րե­րուն միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լու տե­սա­կէ­տէ։

Իր կար­գին, Թե­շո­մէն նշեց, որ Ե­թով­պիոյ մէջ, իս­կա­պէս շատ հպարտ են դա­րեր շա­րու­նակ հա­յոց կող­մէ բե­րուած նպաս­տով։ Ան  ընդգ­ծեց, որ բա­ցի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մէն, եր­կու եր­կիր­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին նաեւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն ներս, նե­րա­ռեալ ՄԱԿ-ը։ Ե­թով­պիոյ դես­պա­նը Սերժ Սարգ­սեա­նին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց՝ Ափ­րի­կէի մէջ խա­ղա­ղու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հար­ցե­րուն շուրջ իր երկ­րի ներդ­րու­մը բարձր գնա­հա­տե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։

Զրու­ցա­կից­նե­րը կա­րե­ւո­րե­ցին նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տի ընդ­լայ­նու­մը։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2016