ՀՆԳԱՍՏՂԱՆԻ ՊԱՆԴՈԿ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ «Radisson Blu Hotel Yerevan»ը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղա­քի ա­ռա­ջին հնգաստ­ղա­նի պան­դո­կին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ «Քարլ­սոն Ռե­զի­տոր» մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թեան կը պատ­կա­նի այս պան­դո­կը, որ կը գտնուի «Յաղ­թա­նակ» զբօ­սայ­գիի կող­քին։ Այս ըն­կե­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի շու­կայ մուտք գոր­ծած է կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով մը, ո­րու շրջագ­ծով այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած են ան­գե­րա­զան­ցե­լի ծա­ռա­յու­թիւն­ներ։

«Իս­կա­պէս հա­ճե­լի է Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կա­յաց­նել մեր պան­դո­կը, որ կ՚ա­ռանձ­նա­նայ իր յա­տուկ ո­ճով», ը­սաւ պան­դո­կի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ճորճ Միու։

Մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր ցանց մը այս­պէ­սով մաս­նա­ճիւղ մը հաս­տա­տած կ՚ըլ­լայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «Radisson Blu Hotel Yerevan»ի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յաց­ման ժա­մա­նակ մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տադ­րուե­ցաւ նաեւ ա­նոր բա­ցօ­թեայ ճա­շա­րա­նը, որ կը կո­չուի «Ա­տԱսթ­րա» (թարգ­մա­նա­բար՝ դէ­պի աստ­ղե­րը)։ Ճա­շա­րա­նը ի վի­ճա­կի է սպա­սար­կե­լու 250 հո­գիի եւ ու­նի սքան­չե­լի տե­սա­րան մը դէ­պի Ա­րա­րատ։

Պան­դո­կի վա­ճառք­նե­րու եւ մար­քե­թին­կի բաժ­նի տնօ­րէն Մա­րիամ Ստամ­բոլ­ցեան լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նեց, թէ պան­դո­կը ու­նի 142 սե­նեակ։ 19 սե­նեակ բարձ­րա­կարգ է եւ այդ շար­քին եր­կու­քը ար­քա­յա­կան եւ նա­խա­գա­հա­կան սե­նեակ­ներն են։ Եր­կու սե­նեակ ալ նա­խա­տե­սուած է տե­ղա­շարժ­ման դժուա­րու­թիւն­նե­րով ան­ձե­րու հա­մար։ Հա­մա­լի­րը կ՚ընդգր­կէ 6 հան­դիպ­ման սրահ։ Այդ շար­քին մե­ծա­գոյնն է ամ­փի­թատ­րո­նի ձե­ւա­չա­փով դահ­լի­ճը, ո­րու տա­րո­ղու­թիւ­նը կը հաս­նի 200 հո­գիի։ Սքան­չե­լի պար­տէզ մը ու­նի պան­դո­կը, ո­րու հա­մա­լի­րին մաս կը կազ­մէ նաեւ 25 մեթր եր­կա­րու­թեամբ ա­ւա­զան մը։

Բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին խորհր­դան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէ­նը հա­տե­ցին Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­քա­րեան եւ Ճորճ Միու։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեան ա­ւե­լի վերջ շրջայց մը կա­տա­րեց Ե­րե­ւա­նի բարձ­րա­կարգ հիւ­րա­նոց­նե­րու շար­քը հա­մալ­րած «Radisson Blu Hotel Yerevan»ին մէջ, ծա­նօ­թա­ցաւ կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն ու ներդ­րում­նե­րուն, ստեղ­ծուած աշ­խա­տա­տե­ղի­նե­րուն եւ ա­ռա­ջար­կուած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ո­րա­կին։ 

Չորեքշաբթի, Յուլիս 13, 2016