ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻ
Վերջին օրերուն Թուրքիոյ օրակարգը կը զբաղեցնէ երկրին մէջ ապաստան գտած սուրիացիներուն քաղաքացիութիւն տալու խնդիրը։ Ներառեալ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանը, պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր վերջին օրերուն անդրադարձան այս նիւթին։ Երէկ, Ազգային մեծ ժողովէն ներս, Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալան ալ խօսեցաւ այս նիւթին վերաբերեալ մանրամասնութիւններու շուրջ։ Միեւնոյն ժամանակ ան պատասխանեց ընդդիմութեան քննադատութիւններուն։ «Օգտակար դասուած սուրիացիներուն պիտի տրուի թրքական քաղաքացիութիւն», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, թէ համապատասխան փոփոխութիւններ կատարուած են երկքաղաքացիութեան ընթացակարգին մէջ։
Խորհրդարանի մէջ Ալա յայտնեց, որ Ներքին գործոց նախարարութիւնը գաղթականներու տեղակայուած շրջաններէն ներս տարած է ծաւալուն աշխատանք։ Թղթածրար առ թղթածրար Թուրքիա ուսումնասիրած է կացութիւնը։ Իւրաքանչիւր գաղթականի պարագան հաշուի առնուած է իր ընտանիքին հետ, առանց որեւէ տատամսումի։ «Մեր կողմէ անպատեհ չնկատուած, օգտակար համարուած ընտանիքներուն թրքական քաղաքացիութիւն պիտի տրուի փութով», ըսաւ Էֆքեան Ալա եւ աւելցուց, թէ Սուրիոյ մէջ կարգ ու կանոնի վերահաստատումէն վերջ անոնք բնականաբար պիտի կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը եւ Թուրքիա այս գործընթացը կը կառավարէ համապատասխան հասկացութեամբ։ Նախարարը աւելցուց, թէ այս քաղաքականութիւնը յառաջ կը տարուի անվարան։
Միեւնոյն ժամանակ Էֆքեան Ալա ընդգծեց, որ աշխատանքներ կը կատարուին նաեւ, որպէսզի Ախալցքայի թուրքերն ալ կարենան դառնալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի։
Ընդդիմադիր ՃՀՓ-ն կառավարութեան այս նախաձեռնութիւնը կ՚ընկալէ վերապահութեամբ։ ՃՀՓ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-նախագահ Էօզկիւր Էօզէլ երէկ նախարարին ելոյթէն վերջ յայտնեց, թէ իշխանութիւնները կարգ մը հաշուարկներու մէջ կը մտնեն՝ 3 միլիոննոց նոր ընտրազանգուածի մը երազով։ Նախապէս ալ այլ ընդդիմադիր ուժեր այս ծրագիրը քննադատած էին՝ այն պատճառաբանութիւնով, որ երկրի կարգ մը շրջաններու ժողովրդագրական պատկերը կրնայ ենթարկուիլ փոփոխութեան։