ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԴԱՐՁԵԱԼ ԴԷՊՔԵՐ ՊԱՏԱՀԵՑԱՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն այս առաւօտ դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան անմիջապէս տեղեկութիւններ փոխանցեց այս մասին։ Վեհափառ Հայրապետի հրաժարականը պահանջող տխրահռչակ խմբակի իբրեւ թէ ցուցարարները այս առաւօտ կրկին փորձեցին խաթարել համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի անդորրն ու աղօթական միջավայրը։ Անոնք հանդէս եկան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ եկեղեցականներու հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններով եւ սադրիչ գործողութիւններով։

Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան յիշեցուցած է, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը շաբթուան մը վերջնաժամկէտ սահմանած է այդ խումբի անդամներուն համար, որոնց շարքին կը գտնուին հոգեւորականներ։ «Դատապարտելով հանդերձ նախաձեռնութեան այս ընթացքը, յոյսը չենք կորսնցներ եւ կ՚աղօթենք, որ Աստուած իր ողորմութեան արժանի ընելով լուսաւորէ իմաստութեամբ՝ բարին խորհելու, խօսելու եւ գործելու», նշած է Վեհափառ Հայրապետին բանբերը։

tert.am կայքէջի հաղորդումներով Մայրավանքէ ներս հոգեւորականներու եւ ցուցարարներուն միջեւ բախում տեղի ունեցաւ։ Անոնք մասնաւորապէս հակազդեցին Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեանի եւ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանի դէմ, որոնք աղանդաւոր անուանած էին զիրենք։ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան, Տ. Ասողիկ Քհնյ. Կարապետեան եւ այլ շարք մը հոգեւորականներ ցուցարարներուն յորդորեցին լքել եկեղեցւոյ տարածքը։ Կացութիւնը հանդարտեցաւ ոստիկաններու միջամտութեամբ։

ԶԻՆՈՒՈՐԵԱԼ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանն ալ այս առաւօտ արձագանգեց «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան կողմէ կատարուած սադրանքներուն։ Ան գրեց, որ տխրահռչակ նախաձեռնութեան քանի մը անդամներ Մայր տաճարի դիմաց փորձեցին խանգարել աղօթական մթնոլորտը՝ հայհոյելով եւ վիրաւորելով աղօթող հաւատացեալները եւ հոգեւորականները։ Հայր սուրբը շարունակեց ըստ հետեւեալի.

«Կանոնական տեսանկիւնէն պաշտամունքային վայրի եւ յատկապէս վանքի մէջ աղօթական մթնոլորտի գիտակցուած խաթարումը կ՚արժանանայ նզովքի եւ անէծքի։ Ներողամտութեան եւ համբերութեան պաշարը այլեւս սպառած է։ Որեւէ նմանտիպ պահուածք, անկախ շարժառիթներէն, պաշտամունքային վայրերու եւ եկեղեցւոյ մէջ պիտի արժանանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զինուորեալ միաբանութեան եւ հոգեւորականներու կոշտ արձագանգին»։

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018