ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՓԱՇԻՆԵԱՆԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւարտեց իր աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Պրիւքսել, ուր վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովը։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի օդակայանին մէջ հանդիպում մը ունեցած է Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Հայաստանի վարչապետը գործակալութեան թղթակցին յայտնած է, որ Պրիւքսելի օդակայանին մէջ իրեն մօտեցած է Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ շնորհաւորութիւններ յղած՝ Հայաստանի վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ։ «Ան ծանօթացաւ ինծի հետ եւ յայտնեց, որ իրենք կը հետեւին Հայաստանի գործընթացներուն ու տեղեակ են։ Ապա շնորհաւորեց վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ։ Այլ շփում մը չեղաւ», նշած է Նիկոլ Փաշինեան։

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պրիւքսելի մէջ ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ։ Ան տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի հետ։ Լաթվիայի նախագահ Ռայմոնտս Վեհոնիսի, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի, Պելժիոյ վարչապետ Շարլ Միշէլի, Աֆղանիստանի նախագահ Էշրէֆ Ղանիի, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի, Իտալիոյ վարչապետ Ճիւսեփփէ Քոնթէի, Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի, Լիթվայի նախագահ Թալիա Կրիպաուսքայթէի, Ուքրայնոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչէս Փերէս Քասթեխոնի, Մակեդոնիոյ վարչապետ Զորան Զայեւի, Սլովաքիոյ վարչապետ Անտրէյ Քիսքայի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Այս բոլոր անպաշտօն աշխատանքային այցելութեան ընթացքին քննարկուած են Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի զանազան հրատապ հարցերը։

Պրիւքսելի մէջ Փաշինեան ելոյթով մըն ալ հանդէս եկաւ Աֆղանիստանէ ներս ՆԱԹՕ-ի վճռական աջակցութեան առաքելութեան նպաստող երկիրներու ղեկավարներու հանդպիման ընթացքին։

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018