ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼ ՄԱՐԴՈՒԺԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ ընտրութիւններէն վերջ Արցախ միասնականութեան օրինակ ցոյց կու տայ։ Շաբաթավերջին նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելութիւն մը տուաւ Ստեփանակերտ, ուր ունեցած հանդիպումներուն առընթեր, զրուցեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու շարք մը ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ Ստեփանակերտի մէջ ունեցած հանդիպումները շատ օգտակար կը համարուին եւ քննարկումներու առանցքին գտնուած է միասնականութեան գաղափարը։ «Արցախի հիմնախնդիրը ուրիշ լուծում չունի՝ բացի հզօր Արցախէ եւ հզօր Արցախը ունի չորս հիմնական սիւներ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ թուարկեց այդ չորս հիմնական սիւները։ Այսպէս, ան շարունակեց.

«Առաջինը՝ արցախահայութեան հայրենասիրութիւնն ու կամքն է, որ իր ետեւէն կը տանի նաեւ ամբողջ հայութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ սփիւռքի հայրենասիրութիւնը եւ նուիրումը Արցախին ու Արցախի արդար դատին։ Երկրորդ սիւնը, կը կարծեմ, բանակն է։ Արցախը ունեցած է եւ այսօր ալ ունի յաղթական բանակ եւ ամէն ինչ պէտք է ընենք, որպէսզի այդ բանակը մնայ հիմնական սիւներէն մին։ Երրորդ սիւնը՝ Արցախի տնտեսութիւնն է։ Հզօր Արցախը պէտք է հզօր տնտեսութիւն ունենայ եւ այդ տնտեսութեան առանցքը գիւղատնտեսութիւնն է։ Այս մասին մանրամասն ու գործնական քննարկում ունեցանք Արցախի նախագահին հետ, թէ ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ իր գործընկերները կրնան օգտակար ըլլալ եւ օգնել Արցախին, որպէսզի զարգանայ երկրի տնտեսութիւնը։ Չորրորդ սիւնը՝ ժողովրդագրութիւնն է։ Արցախը պետութիւն է, որ կրնայ երկու կամ երեք անգամ աւելի շատ բնակչութիւն ունենալ, հետեւաբար՝ քանի մը անգամ մեծ տնտեսութիւն, հետեւաբար՝ աւելի մեծ բանակ»։

Այցելութեան ընթացքին Արմէն Սարգսեան տեղեկացուց, որ իր անձնական միջոցներով պիտի օժանդակէ Ստեփանակերտի ծննդատան վերազինման։ Խօսելով Արցախի զարգացման հեռանկարներուն մասին՝ Արմէն Սարգսեան քանիցս շեշտած է յատկապէս ժողովրդագրական խնդիրը։ Ան համոզուած է, որ ժողովրդագրութիւնը կարեւոր գործօն կը հանդիսանայ անվտանգութեան, քաղաքականութեան, տնտեսութեան եւ այլ բազմաթիւ ոլորտներու խնդիրներու լուծման համար։ Արմէն Սարգսեանի խօսքով՝ Արցախը ունի աւելի քան բաւարար միջոցներ՝ զգալիօրէն մեծցնելու իր մարդկային ներուժը եւ աւելի զարգանալու։

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020