ԷՎԵՐԵՍԹԻ ԳԱԳԱԹԸ ՆՈՒԱՃԱԾ ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հիւրընկալեց մարսէյլաբնակ հայազգի լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը, որ մագլցած է աշխարհի ամենաբարձր գագաթը՝ Էվերեսթը:
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի դահլիճին մէջ կայացած միջոցառման ներկայ էին սկաուտներ, երիտասարդներ, փորձառու լեռնագնացներ, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի «Բացայայտիր Հայաստանը» ծրագրի մասնակիցները եւ այլ հիւրեր:
ՀԲԸՄ-ի անունով Յովիկ Էօրտէքեան ներկաներուն ծանօթացուց հիւրը, որմէ ետք խօսք առաւ Արա Խաչատուրեան։ Ապա ցուցադրուեցաւ մագլցումը նկարագրող կարճամեթրաժ ժապաւէնը, որմէ ետք դարձեալ Արա Խաչատուրեան ներկաներուն պատմեց իր փորձառութեան մասին, ինչպէս նաեւ անոնց հետ կիսեց իր հետաքրքրական կեանքէն դրուագներ: Ան գաղթելով Լիբանանէն Ֆրանսա, յաջողութեամբ համադրած է ոսկերչութիւնն ու լեռնագնացութիւնը:
Խաչատուրեան ներկաներուն պատմեց մանրամասներ նաեւ այն մասին, թէ ինչ բան ոգեշնչած է զինք յաղթահարել այդ ֆիզիքապէս ծանր, բայց միեւնոյն ժամանակ այդքան զգացմունքային փորձութիւնը:
2016 թուականի Մայիսի 22-ին, յաղթահարելով 8.848 մեթր բարձրութիւնը, Արա Խաչատուրեան բարձրացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի, Ֆրանսայի եւ Լիբանանի ազգային դրօշները՝ իր յաղթանակը նուիրելով աշխարհասփիւռ հայութեան միասնականութեան:
Տարբեր կազմակերպութիւններու եւ ակումբներու խորհրդանշաններու հետ մէկտեղ, Արա Խաչատուրեան ծածանած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի դրօշը՝ ի նշան ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի սկաուտական շարժման իր մասնակցութեան տարիներուն ձեւաւորուած հզօր հայրենասիրական ոգիին, առաջնորդութեան եւ նպատակասլացութեան:
Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին Արա Խաչատուրեանին, որ իրեն յատուկ հաճելի ոճով բոլորը գոհացուց:
Բաց աստի, Արա Խաչատուրեան արժանացած է Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ շնորհակալագրի, ինչպէս նաեւ օրերս կ՚արժանանայ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետայլին:
Արա Խաչատուրեան ցարդ մագլցած է աշխարհի ամենաբարձր ութ գագաթները: