«IDEF 2021» ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ

Թուրքիա վերջին շրջանին մեծ ոստում մը կատարած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս ու կը պատրաստուի իր արտադրանքը միջազգային բեմահարթակի վրայ ներկայացնել 15-րդ Միջազգային պաշտպանական արդիւնաբերութեան տօնավաճառին (IDEF 2021) ժամանակ, 17-20 օգոստոս թուականներուն։ Հանրապետութեան նախագահութեան հովանաւորութեան ներքեւ, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան հիւրընկալութեամբ եւ «Թուրք զինեալ ուժերու հզօրացման» հիմնարկի պատասխանատուութեան ներքեւ պիտի կազմակերպուի այս տօնավաճառը։

Աշխարհի վրայ կը կազմակերպուի պաշտպանութեան արդիւնաբերութեան բնագաւառին վերաբերեալ 32 տօնավաճառ։ IDEF-ը այս շարքին երրորդ կարգի վրայ է՝ մասնակից ընկերութիւններու քանակով։ Արդարեւ, թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան վերելքին զուգահեռ՝ IDEF-ն ալ մեծցած է եւ այս տարի 15-րդ անգամ պիտի կազմակերպուի՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, սա պիտի ըլլայ թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութեան ուժի ցոյցը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021