ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութենէն վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորական մը ուղարկած էր վերընտրեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Սահակ Սարգսեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեց Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական նամակը։

Զրոյցի տեւողութեան զանազան նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան եւ խօսակցութիւն ծաւալուեցաւ ընթացիկ առօրեայի մասին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021