ՔՈՎԻՏ-ՊԱՐՊԻՆԵՐԸ

Ամերիկեան «Mattel» ընկերութիւնը ներկայացուցած է «Պարպի» տիկնիկներու «քովիտային» շարքը։ Այսպէս, «Mattel» ընկերութիւնը, որ կ՚արտադրէ աշխարհի ամենայայտնի «Պարպի» տիկնիկները, ներկայացուցած է նոր շարք մը՝ քորոնաժահրի համավարակի նիւթով։ Քովիտ-տիկնիկներու շարքին կան «Oxford/AstraZeneca» հակաքորոնաժահրային պատուաստանիւթի համահեղինակներէն մէկը՝ բրիտանացի փրոֆ. Սառա Կիլպըրտ:

«Պարպին կ՚ընդունի, որ առաջնագծի բոլոր աշխատակիցները հսկայական զոհաբերութիւններ կատարած են համավարակի եւ անոր բարձրացած մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար», նշած է ընկերութեան աւագ փոխ-նախագահ Լիզա ՄըքՆայթ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021