ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքը միշտ բանուկ է՝ միջազգային հրատապ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ։ Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ամենաբարձր մակարդակի վրայ միշտ շփման մէջ են՝ միջազգային թէժ օրակարգի հարցերուն կապակցութեամբ։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյցը եւ թրքական կողմի հաղորդումներուն մէջ շեշտուեցաւ, որ առաջնահերթօրէն քննարկուած են Իսրայէլի եւ «Համաս»ի միջեւ բանակցային գործընթացին եւ Մերձաւոր Արեւելքի լարուած իրադրութեան վերաբերեալ հարցեր։
Հաքան Ֆիտան շեշտած է, որ «Համաս»ի նախկին ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի նահատակութիւնը եւ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ շարունակական սպանդները հերթական անգամ կ՚ապացուցանեն, թէ Իսրայէլ չկամութեան մէջ է խաղաղութեան հաստատման տեսակէտէ։ Ան յիշեցուց, որ «Համաս» աւելի առաջ շինիչ դիրքորոշում մը ցուցաբերած է հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ։ Ուստի, մշտական հրադադարի հաստատման համար պէտք է ճնշում բանեցուի Իսրայէլի վրայ։ Ֆիտան Պլինքընի նկատառման յանձնած է, որ տարածաշրջանէ ներս լարուածութիւնը մտահոգիչ թափով կ՚աճի, իսկ Իսրայէլ պէտք է խուսափի այնպիսի գրգռիչ քայլերէ, որոնք բախումներու ա՛լ աւելի տարածման պատճառ կրնան դառնալ։
Ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութիւնն ալ Ֆիտան-Պլինքըն հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ հաղորդումներ ըրաւ՝ յղում կատարելով Անգարայի իր դիւանագիտական աղբիւրին։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ Կազզէի հատուածի առկայ իրավիճակին առընթեր, Ֆիտան եւ Պլինքըն քննարկած են Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան ընթացքը։ Ռուսական գործակալութեան հաղորդումներուն մէջ դիտել տրուած է, որ Ֆիտան մատնանշած է Կազզէի հատուածէն ներս մշտական հրադադարի արագ ապահովման կարեւորութիւնը, նաեւ ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է վերացնել տարածաշրջան մարդասիրական օգնութիւն առաքման խոչընդոտները։ Ան Ռեֆահի վրայ Իսրայէլի յարձակումը որոկած է անընդունելի։