ՄԻԹ-Ի ԿՈՂՄԷ ՄԵԾ ՔԱՅԼ

Ազգային լրաքաղութեան կազմակերպութիւնը (ՄԻԹ) երէկ շատ կարեւոր գործողութիւն մը իրականացուց Սուրիոյ Լազքիէ քաղաքին մէջ։ ՄԻԹ-ի կողմէ իրականացուած գործողութիւնով ձերբակալուեցաւ Եուսուֆ Նազիք, որ 2013 թուականին Ռէյհանլըի մէջ պատահած եւ 53 կեանք խլած ահաւոր պայթումը ծրագրաւորողներէն մին էր։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ան կը դիտարկուէր վեց ամիսէ ի վեր եւ իր ձերբակալման համար իրականացուած գործողութեան զօրակցեցան նաեւ Թուրք զինեալ ուժերը։ Ձերբակալուելէ վերջ Եուսուֆ Նազիք բերուեցաւ Թուրքիա։ Ան Լազքիէի փողոցներուն մէջ հետապնդուած է քայլ առ քայլ։ Անթաքիայի մէջ ծնած Եուսուֆ Նազիք իր առաջին հարցաքննութեան ժամանակ խոստովանեցաւ, որ ռումբերը ինք բերած էր երկիր։ Ան կարեւոր տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Միհրաչ Ուրալի մասին, որ եւս Ռէյհանլըի պայթումի հիմնական դերակատարներէն մին էր։ Եուսուֆ Նազիք հարցաքննութեան ընթացքին յայտնեց նաեւ, որ չէ կրցած խոյս տալ թրքական պետութենէն ու կը զղջայ։

ՄԻԹ-ի կողմէ կեանքի կոչուած այս գործողութեան կարեւոր նշանակութիւններէն մին ալ այն էր, որ Լազքիէ քաղաքը կը համարուի Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի հիմնարար բերդերէն մին եւ նոյնիսկ այդպիսի կէտի մը վրայ Թուրքիա յաջողած է այսպիսի գործողութիւն մը կեանքի կոչել։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018