ՆԱԶԱՐՊԱՅԵՒ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Ղազախիստան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի ժողովը, որ երրորդն է իր տեսակին մէջ։ Այս հաւաքը կը գլխաւորեն երկու երկիրներու նախագահները՝ Րէճէպ Թայիպ Էրտողան եւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ։ Ժողովին առթիւ երէկ երեկոյեան Անգարա հասաւ Նուրսուլթան Նազարպայեւ՝ նախագահ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։

Խորհուրդի ժողովին կը մասնակցին երկու երկիրներու նախարարները։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան տնտեսութեան, առեւտուրի, հաղորդակցութեան, պաշտպանութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, նաեւ կը ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր։

Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան նաեւ տարածքաշրջանային արդի խնդիրներու շուրջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2018