ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
Երեւանի մէջ այս օրերուն կ՚ընթանայ Հայկական միջազգային առաջին լուսանկարչական փառատօնը, որու շրջանակներէն ներս բացուած է մեծ ցուցահանդէս մը։ «Ֆոթոլուր» լուսանկարչական գործակալութեան արխիւէն յատկանշական դրուագներ կը ցուցադրուին այս ձեռնարկի ծիրէն ներս։ Այսպէս, Երեւանի պատմական եւ արդի դրուագները համատեղ ներկայացուած են սոյն ցուցահանդէսի ծիրէն ներս։ Այցելուներուն տեսակէտէ հետաքրքրական է ականատես ըլլալ՝ հայոց մայրաքաղաքի վերջին տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ արձանագրած փոփոխութիւններուն։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի համալիրէն ներս ալ, լուսանկարչական նոյն փառատօնի ամբողջին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ յատկա-նըշական այլ ձեռնարկ մը։ «Հայ լուսանկարչութեան պատմական ժառանգութիւնը» խորագրեալ այս ձեռնարկի բացումը պատուեցին Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։ Հայկական լուսանկարչութեան մեծանուն դէմքերու, աշխարհի մէջ համբաւի հասած հայ լուսանկարիչներու գործերը ներկայացուած են այս ցուցահանդէսով։ Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, օտարերկրեայ դիւանագէտներ, Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններէն ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ տեսողական արուեստի բնագաւառէն հեղինակութիւններ, որոնց շարքին էր նաեւ մեծանուն բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեան։
Բացօթեայ ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի եւ լուսանկարչական փառատօնի հիմնադիր Տաթեւ Մնացականեանի ջանքերով։ Լուսանկարները տրամադրուած են Անդրանիկ Քոչարի թանգարանին կողմէ։ Ներկայացուած են նաեւ շարք մը հայ յայտնի լուսանկարիչներու՝ Ապտուլլահ եղբայրներու, Անթուան Սեւրուքինի, Եուսուֆ Քարշի, Իտա Քարի, Արա Կիւլէրի, Վլատիմիր Մուսայէլեանի, Հարի Գունտաքճեանի, Նեմրութ Պաղտասարեանի, Հերպերթ Պաղտասարեանի եւ այլոց գործերը։
Բացման հաւաքոյթի ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Լուսանկարչութիւնը նախ եւ առաջ հսկայ արուեստ մըն է։ Մենք կրնանք հպարտ ըլլալ, քանի որ հայկական լուսանկարչութիւնը իսկապէս ունեցած է եւ ունի հսկայական աւանդոյթներ։ Ան մեծ ներդրում ունեցած է համաշխարհային լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ։ Մեր երիտասարդ լուսանկարիչներուն կ՚ուզեմ նոյնը մաղթել՝ արժանի ըլլաք մեր վարպետներուն եւ շարունակէք այդ գործը։ Լուսանկարը նաեւ պատմութիւն է։ Այսօրուան ցուցահանդէսը կ՚ապացուցանէ այս բանը՝ լուսանկարը հսկայական տեղեկատուութիւն կը պարունակէ իր մէջ։ Ան մեզի հսկայական տեղեկութիւն կը փոխանցէ ժամանակի, մարդոց մասին»։
Այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբերի 22-ը։