ԱՐԵԱՆ ՈՒ ՎԱՌՕԴԻ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ

Երէկ գիշերուան ժամերուն Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն դարձեալ մտահոգիչ լուրեր հասան։ Ատրպէյճանի զօրքերը կէս գիշերին Հայաստանի սահմանի գրեթէ ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ յարձակման ձեռնարկեցին։ Բախումներուն հետեւանքով կան նահատակներ, վիրաւորներ, կը թիրախաւորուին նաեւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ հայկական կողմը ունի առնուազն 49 զոհ։ Ըստ էութեան, Արցախի 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ, տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան դարաշրջանի մը սկիզբ տալու ակնկալութիւնները կը բարձրաձայնուին, սակայն, գործնական իրականութիւնը այն է, որ արեան ու վառօդի դարաշրջան մը կը սկսի։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ուշ գիշերէն սկսեալ պարբերաբար տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ շեշտելով, որ սահմանակից Վարդենիսը, Սոթքը, Արտանիշը, Իշխանաւորը, Գորիսն ու Կապանը կ՚ենթարկուին յարձակումներու։ Դիրքային մարտեր տեղի ունեցած են եւ հայկական զինեալ ուժերը ամբողջ ծաւալով կատարած են իրենց առջեւ դրուած խնդիրը։ Վարչապետ Փաշինեան այս առաւօտ խորհրդարանին մէջ տեղեկացուց, որ բախումներու թափը յարաբերաբար նուազած է։

Ստեղծուած հրատապ իրավիճակին մէջ Երեւանի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ երեկոյեան արտահերթ նիստ մը գումարած է։ Այս ժողովի արդիւնքներուն զուգահեռ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս դիմեց իր ռազմավարական դաշնակցին՝ Ռուսաստանին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին, նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)։ Անշուշտ, ինքնիշխան տարածքի դէմ ոտնձգութեան, տարածքային ամբողջականութեան դէմ խախտումներու ծանր մթնոլորտին մէջ կատարուած դիմում մըն է այս մէկը։

Երեւանի ղեկավարութիւնը անմիջապէս շարժման անցաւ նաեւ միջազգային դերակատարները շարժման անցընելու նպատակով։ Նիկոլ Փաշինեան իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Բաց աստի, հեռախօսազրոյցներ տեղի ունեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ։ Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնի վրայ զրուցեց նաեւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտի հետ։ Այս վերջինը ստեղծուած իրավիճակին մէջ խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Միջազգային եւ տարածաշրջանային դերակատարները իրերայաջորդ կոչեր կը հնչեցնեն, որպէսզի կացութիւնը հարթուի։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի սահմանի վրայ բախումները անմիջապէս դադրին։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով ընդգծեց, որ կ՚ակնկալէ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ հրադադարի վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան ամբողջական կիրառումը։ Արդարեւ, Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Կրիկորի Քարասին այս առաւօտ յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադար ապահովուած է իր երկրին միջնորդութեամբ։ Յամենայնդէպս, միջանկեալ պէտք

է նշել, որ գործնական կացութեան պէտք է սպասել՝ համոզուելու համար, թէ հրադադարը իսկապէս կը գործադրուի։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարեւան Վրաստանն ալ արձագանգեց ստեղծուած իրավիճակին։ Թիֆլիզէն պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդ ըլլալու համար։ Նոյնպէս հարեւան Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թեհրան պատրաստ է ամէն տեսակ նպաստ բերելու տարաձայնութիւնները լուծելու համար։ Իրան հերթական անգամ կրկնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն անթոյլատրելի է։ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ յայտնեց, որ Պրիւքսել կը շարունակէ սերտ կապի մէջ մնալ Երեւանի եւ Պաքուի հետ։ ԵՄ-ի Արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան բանբեր Փեթեր Սթանոն ալ աւելի առաջ յայտնած էր, որ Պրիւքսել ուշադրութեամբ կը հետեւի սահմանի իրավիճակին։ ԵԱՀԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ Մայքըլ Քարփընթըր եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Քոլումինա եւս արձագանգեցին բախումներու բռնկումով պայմանաւորուած կացութեան։

Հայաստանի ղեկավարութիւնը սահմանի իրավիճակին շուրջ տեղեակ պահեց նաեւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններն ու ռազմական կցորդները։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը բախումներու սկսելէն անմիջապէս վերջ կոչ ուղղեց, որպէսզի ռազմական գործողութիւններուն մասին տեսանիւթերը շրջանառութեան մէջ չդրուին եւ հանրութիւնը հետեւի պաշտօնական լրահոսին։ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ խորհրդարանին մէջ յայտարարեց նաեւ, որ Ատրպէյճանի այս յարձակումները կապ ունին Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններու ընթացքին հետ։ Ան կրկնեց, որ Հայաստան չի պատրաստուիր իր տարածքով ոեւէ մէկուն միջանցք տրամադրելու։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022