ՊՐԱՆՍԸՆ ԱԶԱՏ

Իզմիրի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ պատուելի Էնտրու Պրանսընի դատավարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է։ Իր ձերբակալութիւնը վերջին շրջանին Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ծը-նունդ տուած էր լուրջ տագնապի մը։

Դատարանը երէկ ամերիկացի հոգեւորականի պարագային սահմանեց երեք տարի, մէկ ամիս եւ տասնհինգ օր ազատազրկում։ Հաշուի առնելով գործի քննարկման ժամանակահատուածը եւ անոր ցայսօր կալանքի տակ մնացած ըլլալու ժամանակաշրջանը՝ դատարանը վճիռ արձակեց, որպէսզի Էնտրու Պրանսըն մնայ ազատ։ Ջնջուեցան նաեւ արտասահման մեկնելու վերաբերեալ իր արգելքները։ Այսպէսով, Էնտրու Պրանսըն ազատ արձակուեցաւ եւ երէկ իսկ ուղղուեցաւ դէպի իր երկիրը։

Էնտրու Պրանսըն, որ ինքզինք անմեղ կը նկատէ, յայտարարեց, թէ կը սիրէ Թուրքիան եւ իր շահերը պաշտպանելու իրաւունք կու տայ իրաւաբանին։ Դատական իշխանութիւնները Էնտրու Պրանսընը կը մեղադրէին ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018