ՀՐԱՊՈՒՐԻՉ ՇՏԵՄԱՐԱՆ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը կը շարունակէ՝ նոր սերունդին ուղղեալ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ։ Մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու հայախօսութիւնը երաշխաւորելու առաջադրութեամբ յառաջ կը տարուի ծաւալուն ու բազմակողմանի աշխատանք։ Հիմնարկը վերջերս համացանցի վրայ նոր կայքէջ մը հաստատած է՝ «Զնտուկ» անունով, որ մանկավարժական աղբիւրներու արեւմտահայերէնով շտեմարան մըն է, որու ներկայացումը նախատեսուած է այս շաբաթավերջին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այս կապակցութեամբ հիմնարկին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։

*

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 16 հոկտեմբեր 2021 թուականին տեղի պիտի ունենայ «Զնտուկ» կայքէջին առցանց ներկայացումը։

«Զնտուկ»ը (zndoog.com) համացանցային լայնածաւալ շտեմարան մըն է, ուր ընդգրկուած են աշխարհի չորս ծագերուն ստեղծուած մանկավարժական արեւմտահայերէն աղբիւրներ եւ գործիքներ։ Կայքէջը կը ներկայացնէ հայերէնի ուսուցման արդիական մեթոտաբանութեամբ պատրաստուած ծրագիրներ։

Համացանցային այս կեդրոնին շնորհիւ՝ մանկավարժներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ, դպրոցներէն ներս կամ դուրս, իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենան հարուստ առցանց վայր մը։ Աւելին՝ «Զնտուկ»ը հասա-նելի պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք պարզապէս հետաքրքրուած են արեւմտահայերէնով եւ կը ձգտին ծանօթանալ ժամանակակից մանկավարժական մօտեցումներուն։

«Զնտուկ»ը կ՚ընդգրկէ համացանցային հայալեզու էջեր, մանկական տեսերիզներ, ձայներիզներ, շարժապատկերներ, շարժանկարներ, տարբեր տարիքներու համար նախատեսուած ծրագիրներ, նաեւ՝ գրական ստեղծագործութիւններ, բառարաններ, խաղեր եւ այլ զանազան նիւթեր։ «Զնտուկ»ին մէջ կարելի է գտնել ուսուցիչներու համար պատրաստուած գրաւոր եւ լսատեսողական նոր ուղեցոյցներ, որոնց աջակցութեամբ ուսուցիչները կրնան դիւրութեամբ ըմբռնել ծրագիրներու կիրառութեան հանգրուանները եւ հիմնական մօտեցումները։

Մանկավարժական որոշ սկզբունքներու վրայ հիմնուելով ստեղծուած է «Զնտուկ»ը։ Լեզուն իր ամբողջութեամբ ընդգրկուած է իբրեւ ապրող, շնչող, ինքզինք զարգացնող, աշխարհին հետ զուգահեռ յառաջացող միջոց, վայր եւ եղանակ: Կայքէջը կ՚որդեգրէ երեխայակեդրոն եւ ուսանողակեդրոն մօտեցում մը։ «Զնտուկ»ը միշտ պատրաստ է իր բովանդակութիւնը ընդլայնելու։ Հետեւաբար, «Զնտուկ»ին դռները բաց են իր սկզբունքներուն համապատասխանող այլ լեզուական աղբիւրներու։

«Զնտուկ»ի առցանց ներկայացման ընթացքին կլոր սեղանը պիտի վարէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեանը։ Զրոյցի ընթացքին խօսք պիտի առնեն բաժանմունքին արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատուն, դպրոցներու եւ կրթական ծրագիրներու աւագ վարիչ Անի Կարմիրեան (Լիզպոն, Փորթուգալ), գրող ու Ինալքոյի հայկական գրականութեան դասախօս Քրիստիան Բատիկեան (Փարիզ, Ֆրանսա), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեան (Նիւ Եորք, ԱՄՆ), Հայ Կապոյտ խաչի Զաւարեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Հայկանոյշ Մինասեան (Աթէնք, Յունաստան), Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ եւ համադրող Նորա Սարաֆեան Թաշճեան (Ալֆորվիլ, Ֆրանսա) եւ ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Նանոր Սարգիս (Մոնթրէալ, Գանատա)։ 

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի ժամով 20.00-ին։ Կարելի է միանալ հետեւեալ յղումով՝

«ԶՆՏՈՒԿ մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով» կայքէջի ներկայացում

https://us02web.zoom.us/j/87386495798 

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի մանկավարժական եւ ուսուցողական բազմապիսի նախաձեռնութիւններուն նորագոյնն է «Զնտուկ»ը: Իր ծաւալուն եւ շարունակ ընդլայնող պարունակութեամբ, կայքէջը խթան պիտի հանդիսանայ արեւմտահայերէնի ուսուցման, զարգացման եւ ամրապնդման։ 

Այս ծրագիրին եւ այլ նախաձեռնութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել այս կայքէջը` https://gulbenkian.pt/armenian-communities եւ անդամագրուիլ մեր լրատուին։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2021