ՔՐԵՄԼԻՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆՑԱԾ Է՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՆՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ
Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) շրջանակներէն ներս այս օրերուն Աստանայի մէջ տեղի կ՚ունենան կարեւոր հանդիպումներ, որոնք, միեւնոյն ժամանակ, հարթակ կը հանդիսանան նաեւ Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկելու համար։ Աստանայի մէջ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները մէկտեղուած են եւ իրենց հաւաքը արդէն կը նախորդէ անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով արդէն Աստանայի մէջ են։ Արարատ Միրզոյեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի հետ՝ մինչ կը նախատեսուի նաեւ Աստանայի մէջ նախարարներու եռակողմանի հանդիպում մը՝ Միրզոյեանի, Լաւրովի եւ Պայրամովի մասնակցութեամբ։ Մինչ այդ, նախարարներու հաւաքին կը յաջորդէ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը, որուն ալ կը մասնակցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Կը հաղորդուի, որ Փութին եւ Ալիեւ արդէն ժամադրուած են Աստանայի մէջ հանդիպում մը ունենալու համար։ Քրեմլինի Արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր խորհրդական Եուրի Ուշաքովն ալ երէկ տեղեկացուց, որ Մոսկուա պատրաստութիւններու մէջ է՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ եռակողմանի նոր գագաթաժողով մը կազմակերպելու նպատակով։
Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի երէկուան հանդիպման ընթացքին, ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, քննարկուեցան զանազան հարցեր, որոնք հետամուտ են Հարաւային Կովկասի իրավիճակի համակողմանի կայունացման։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, Արարատ Միրզոյեան Սերկէյ Լաւրովի նկատառման յանձնած է, թէ կան բազմաթիւ հարցեր, որոնց վերաբերեալ Հայաստան կը փափաքի լսել Ռուսաստանի յստակ դիրքորոշումը։ «Մենք կը փափաքինք զգալ Ռուսաստանի թիկունքը», ըսած է նախարարը։ Բաց աստի, Միրզոյեան շեշտած է, որ Հայաստան կ՚ակնկալէ Ռուսաստանի աջակցութիւնը, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ իր ինքնիշխան տարածքէն դուրս բերել Ատրպէյճանի զօրքերը։ «Իրադարձութիւնները կ՚ընթանան թափով, բանակցութիւնները կ՚ընթանան թափով։ Կան շատ կողմեր, որոնք կ՚առաջարկեն իրենց միջնորդական ջանքերը, մօտեցումները, հարթակները։ Մեզի համար շատ կարեւոր է իմանալ այդ հարցերու շուրջ Ռուսաստանի դիրքորոշումը։ Մենք կը փափաքինք զգալ Ռուսաստանի թիկունքը եւ յառաջ շարժուիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններուն ոգիով։ Մենք այդ բանին պատրաստ ենք», նշած է Արարատ Միրզոյեան Աստանայի մէջ Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին։
Բոլորովին վերջերս Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած էր, որ Մոսկուա արդէն նոր առաջարկներ ներկայացուցած է Երեւանին եւ Պաքուին։ Ռուսաստանէն հնչած այդ յայտարարութենէն անմիջապէս վերջ, Թեհրանի ղեկավարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ պատրաստ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդ հանդիսանալու։ Տարածաշրջանային այս ազդու դերակատարներէն հնչած կոչերու մթնոլորտին մէջ, Պաքուի ղեկավարութիւնն ալ երէկ ուշագրաւ տուեալներով հանդէս եկաւ։ Ճէյհուն Պայրամով տեղեկացուց, որ Ատրպէյճան ներկայացուցած է խաղաղութեան պայմանագրի ընդլայնուած տարրեր եւ Հայաստան ժամանակ խնդրած է այդ բոլորին ծանօթանալու համար։
Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ երէկ յաւելեալ բացայայտումներ ըրաւ՝ վերջերս Ուաշինկթընի մէջ իր ունեցած շփումներուն մասին։ Ծանօթ է, որ Ուաշինկթընի մէջ ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալըվընի եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ հանդիպում մը ունեցած էր։ Արմէն Գրիգորեան երէկ տեղեկացուց, որ Ուաշինկթընի մէջ փոխադարձ ըմբռնում գոյացած է, որպէսզի մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուի խաղաղութեան պայմանագիր մը եւ տեղի ունենայ սահմանագծում։ Բաց աստի, Ուաշինկթընի քննարկումներուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն Ատրպէյճանի զօրքերու դուրսբերման վերաբերեալ հարցեր։
Իրադարձութիւններու այս խտութեան եւ չափազանց արագութեան միջավայրին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ Փրակի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան արձագանգներն ալ կը շարունակուին։ «Ալ-Մոնիթոր»ը երէկ տեղեկացուց Էրտողան-Փաշինեան տեսակցութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Այսպէս, Փաշինեան Փրակի մէջ Էրտողանի աջակցութիւնը խնդրած է, որպէսզի Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիները ազատ արձակուին։ Վարչապետը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցին շուրջ ալ խնդրած է աջակցութիւն։ Այսպէս, ըստ նոյն աղբիւրին, Փաշինեան կը փափաքի, որ սահմանը գծուի ո՛չ թէ նախախորհրդային, այլ խորհրդային ժամանակներու քարտէսին հիման վրայ։ Իր կարգին, նախագահ Էրտողանն ալ օրակարգի վրայ բերած է փոխադրութեան միջանցքի հարցը։ Ան նաեւ յայտնած է, որ Երեւան պէտք է վերջ տայ Օսմանեան շրջանի հայոց ջարդերը՝ որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու ուղղեալ միջազգային արշաւին։