ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԳԼԽԱՒՈՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան երկու տարի եւս կը մնայ իր պաշտօնին վրայ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ տեղեկացուցած է Պետրոսեան։ «Սպիտակ Ռուսիոյ հետ խաղը ոչ մէկ կապ ունի իմ ապագային հետ։ Այո, մենք երկարաձգած ենք պայմանագիրը Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան հետ երկու տարիով եւս։ Յետոյ կը տեսնենք, թէ ինչ կ՚ըլլայ։ Մեր առջեւ դրուած յաջորդ խնդիրը Ազգերու լիկային մէջ լաւ հանդէս գալն է։ Նպատակադրած ենք խմբային փուլէն դուրս գալ», շեշտեց Արթուր Պետրոսեան։

Արթուր Պետրոսեան Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշօնը կը զբաղեցնէ 2016 թուականէն ի վեր։ Մինչ այդ հայազգի մասնագէտը մարզած է «Զիւրիխ»ի երիտասարդական խումբը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2017