ԼՐԱԳՐՈՂ ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐՈՒՄՈՎ

Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներս այս օրերուն ցաւալի իրադարձութիւն մը արձագանգ գտած է։ Այսպէս, լրագրող-հրապարակագիր վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ մասնագիտական գործունէութիւնով պայմանաւորուած կը թիրախաւորուի։ Այս կապակցութեամբ Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութիւնով մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է Թաթուլ Յակոբեանի ենթարկուած սպառնալիքներուն։ Միութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Լրագրող Թաթուլ Յակոբեան յայտարարած է, որ վերջին օրերուն ստացած է հաշուեյարդարի, զինքը դատաստանի ենթարկելու, նոյնիսկ կեանքէ զրկելու սպառնալիքներ՝ կապուած իր մասնագիտական գործունէութեան հետ։ Այս օրերուն Թաթուլ Յակոբեան մասնագիտական այցելութիւնով կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ըստ իր ներկայացուցած ահազանգին, իրեն ուղղուած այդ սպառնալիքները կը համակարգուին թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ ամերիկահայ որոշ շրջանակներէ։ Լրագրողը կը կարծէ, թէ իրեն ուղղուած արշաւին առիթ տրուած է հարցազրոյցի մը ժամանակ իր արտայայտած այն միտքը, որ Հայաստանը այնտեղ է, ուր կանգնած է հայ զինուորը։ Իրեն ուղղուած սպառնալիքներուն ահազանգելով՝ Թաթուլ Յակոբեան տեղի ունեցածին վրայ հրաւիրած է իրաւապահ կառոյցներու, մասնագիտական եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանի ուշադրութիւնը, փորձելով այս ձեւով ինքզինքը պաշտպանել հաւանական հաշուեյարդարէ։

«Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Թաթուլ Յակոբեանի մասնագիտական գործունէութիւնով պայմանաւորուած՝ անոր անձի թիրախաւորման բոլոր փորձերը, առաւել եւս՝ կեանքին ուղղուած սպառնալիքներ ներկայացնելու յանցաւոր գործելակերպը։ Կատարուածը Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս հայկական իրականութենէն ներս արմատաւորուած ատելութեան ու չարութեան արատաւոր մթնոլորտի օրինակն է, ինչ որ պէտք է արժանանայ համարժէք ու խստագոյն իրաւական, բայց նաեւ քաղաքական գնահատականի։ Միեւնոյն ժամանակ, Թաթուլ Յակոբեանի պարագային տեղի ունեցածը, դժբախտաբար, ոչ թէ բացառութիւն է, այլ, ցաւօք, արդէն իսկ տարածուած օրինաչափութեան հերթական դրսեւորում։ Յատկապէս վերջին երեքուկէս տարիներուն, Հայաստանի մէջ բազմաթիւ խմբագիրներ, լրագրողներ, փորձագէտներ, հանրային-քաղաքական գործիչներ գործունէութիւն կը ծաւալեն համանման սպառնալից, վտանգաւոր մթնոլորտի մէջ եւ այս բոլորի վերաբերեալ ահազանգներն ալ կը մնան անպատասխան։

«Հաշուի առնելով նաեւ այդ ցաւալի նախադէպերը, Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը կոչ կ՚ուղղէ բոլոր պետական կառոյցներուն՝ երկիր վերադառնալուն պէս ապահովել Թաթուլ Յակոբեանի անվտանգութիւնը, զուգահեռաբար հետամուտ ըլլալով եւ պատժելով անոր ուղղուած սպառնալիքներու հեղինակներն ու կազմակերպիչները։ Ինչ կը վերաբերի Թաթուլ Յակոբեանի եւ ընդհանրապէս որեւէ հրապարակային անձի այս կամ այն մտքի տեսակէտին կամ գաղափարին, ապա կարելի է արմատապէս համաձայն չըլլալ անոր վիճիլ, բանավիճիլ, հակադրուիլ, սակայն սա պէտք է տեղի ունենայ միայն ու բացառապէս հանրային, քաղաքական, քաղաքագիտական, մասնագիտական տիրոյթի մէջ։ Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը զօրակցութիւն կը յայտնէ Թաթուլ Յակոբեանին եւ յանձնառու է հետամուտ ըլլալ յիշեալ հակաօրինական գործողութիւններու հետաքննութեան ու բոլոր մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին մէջ»։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021