ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը նոր հարթութիւն մը թեւակոխեց։ 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Ատրպէյճան փակեց Լաչինի միջանցքը եւ այսպէսով խզուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի կապը։ Լեռնային Ղարաբաղ մնաց շրջափակման մէջ։ Վերջին շրջանին արդէն այս ուղղութեամբ գործնական փորձեր կը կատարուէին եւ ներկայիս արդէն կացութիւնը այս առումով շատ աւելի ծանրակշիռ է, երբ գործնականօրէն խզուած է Հայաստանի եւ Արցախի ուղիղ կապը։ Այս հարցը, բնականաբար, շատ վիճելի կը դարձնէ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն դերը։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնները երէկ ահազանգ հնչեցուցին, բազմաթիւ յայտարարութիւններով։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քննարկուեցան Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման վերաբերեալ հարցեր։ Փաշինեան կարեւորեց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անխափան կապի ապահովումն ու այդ ուղղութեամբ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան կողմէ հետեւողական քայլերու իրականացումը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2022