Թաւջութակահար Հախնազարեանի Ելոյթը

Կի­րա­կի, Յու­նուար 29-ին, Գա­լի­ֆոր­նիոյ Նա­հան­գա­յին հա­մալ­սա­րա­նի Ֆրեզ­նո­յի մաս­նա­ճիւ­ղի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նայ մրցա­նա­կա­կիր թաւ­ջու­թա­կա­հար Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան, հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուող Ֆի­լիփ Լո­րեն­զի յի­շա­տա­կի հա­մերգ­նե­րուն ծի­րէն ներս:

Հախ­նա­զա­րեա­նին պի­տի ըն­կե­րա­նայ դաշ­նա­կա­հար Նո­րին Փո­լե­րա։

Հա­մեր­գին ըն­թաց­քին պի­տի ներ­կա­յա­ցուին Չայ­քովս­քիէն, Շոս­թա­քո­վի­չէն, Մա­սե­նէէն, Քա­սա­տո­յէն եւ Յա­րու­թիւ­նեա­նէն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ:

Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան Հա­յաս­տան ծնած եւ իր ծննդա­վայ­րին, Մոս­կուա­յի ու Պոս­թը­նի մէջ ստա­ցած է իր ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թիւ­նը:

Շաբաթ, Յունուար 14, 2017