ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԴԱՐՁԵԱԼ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸՐԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգայացունց յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Թուրքիոյ մասին։ Ան յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա հարուած հասցնէ Սուրիոյ քիւրտերուն, ապա ԱՄՆ տնտեսական փլուզում մը պիտի պատճառէ անոր։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ներկայիս դարձեալ առկայ է հակասական կացութիւն մը։ Կողմերը մէկ կողմէ պահ մը կը հասնին ամուր համագործակցութեան եզրին, իսկ միւս կողմէ յանկարծ կը յառաջանայ բարդութիւն մը։ Այս իրավիճակին մէջ իրարու կը յաջորդեն նաեւ սառը ցնցուղները։ Թրամփի յայտարարութիւնն ալ գործեց համապատասխան ազդեցութիւն։

Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց ամերիկացի ղեկավարի խօսքին։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն պատասխանելով Թրամփին ըսաւ. «Ահաբեկիչները չեն կրնար ըլլալ ձեր գործընկերն ու դաշնակիցը։ Թուրքիա ԱՄՆ-էն կ՚ակնկալէ, որ յարգէ ռազմավարական դաշնակցութեան պարտաւորութիւնները եւ այդ մէկը չթողէ ահաբեկչական քարոզչութեան ստուերին տակ»։

Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Փրոֆ. Ֆահրետտին Ալթունն ալ յայտնեց, որ Թուրքիա քիւրտերուն թշնամին չէ, ընդհակառակն՝ հովանաւորը։

Երկուշաբթի, Յունուար 14, 2019