ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐՍԷՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս։ Ան մասնակցութիւն կը բերէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի տարածքաշրջանի հանրային առողջապահութեան համակարգերու պատրաստութեան եւ արձագանգման մակարդակի բարձրացման ուղղեալ գործողութիւններու ծրագրի իրականացման նուիրուած բարձր մակարդակի թեքնիկ եւ նախարարական խորհրդակցութիւններուն։

Իսթանպուլի մէջ կեցութեան ծիրէն ներս Արսէն Թորոսեան վաղը օրուան առաջին կէսին պիտի այցելէ Պատրիարքարան, ուր պիտի տեսակցի թրքահայ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019