ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Գերմանիա՝ մասնակցելու Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան:

Միւնիխի Անվտանգութեան միջազգային համաժողովը հեղինակաւոր եւ ազդեցիկ հարթակ մըն է, որ ամէն տարի մէկ յարկի տակ կը հաւաքէ աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները, քաղաքական, հասարակական գործիչները, դիւանագէտներ, անվտանգութեան ոլորտի փորձագէտներ: Ներկայացուցչական այդ համաժողովին կը քննարկուին միջազգային անվտանգութեան առընչուող հարցեր, որոնք կ՚արտացոլեն տուեալ ոլորտի արդի մարտահրաւէրները:

Համաժողովի ծիրէն ներս նախագահ Արմէն Սարգսեան շարք մը հանդիպումներ կ՚ունենայ զանազան երկիրներու իր գործընկերներուն եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ:

Աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահը կ՚այցելէ նաեւ Գերմանիոյ Հայտելպերկի հնագոյն համալսարանը, ուր հանդէս կու գայ ելոյթով մը, ապա կը պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն: Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցի օրերուն կը հանդիպի նաեւ գիտական եւ գործարար շրջանակներու հետ, կ՚այցելէ Եւրոպական հարաւային աստղադիտարան (European Southern Observatory), որ աստղագիտական հետազօտութիւններ իրականացնող աշխարհի խոշորագոյն կեդրոններէն մին է:

«ՄՏՔԵՐՈՒ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ»

Միւս կողմէ, ամէն տարի Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ կազմակերպուող «Մտքերու գագաթաժողով»ը (Summit of Minds) այս տարի առաջին անգամ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։ «Armenian Summit of Minds» անուանումը ստացած այս հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 7-9 յունիսին՝ Երեւանի եւ Դիլիջանի մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կեանքի պիտի կոչուի ծրագիրը։ Գագաթաժողովի գլխաւոր գործընկերն է «The Monthly Barometer» հեղինակաւոր վերլուծական հանդէսը։

Այս ձեռնարկի Հայաստանի մէջ կազմակերպման մասին բացառիկ համաձայնութիւն մը գոյացած էր տակաւին անցեալ սեպտեմբերին, երբ նախագահ Արմէն Սարգսեան որպէս գլխաւոր բանախօս մասնակցած էր տարեկան «Մտքերու գագաթաժողով»ին։

Հարկ է նշել, որ այս գագաթաժողովը հեղինակաւոր ձեռնարկ մըն է, որուն կը մասնակցին շուրջ 300 ազդեցիկ ու յայտնի քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, գործարար-ներդրողներ, խոշորագոյն ընկերութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ղեկավարներ ամբողջ աշխարհէն։ Ձեռնարկի հիմնական նպատակն է համաշխարհային մակարդակով հետաքրքրական կարեւորագոյն հարցերու վերաբերեալ նոր գաղափարներու ներկայացումը, անմիջական քննարկումներու միջոցաւ փոխադարձ վստահելի գործընկերային կապերու հաստատումը։ Հայաստան պիտի հանդիսանայ առաջին երկիրը, որ այս գագաթաժողովը պիտի հիւրընկալէ Շամոնիէ դուրս։

«Armenian Summit of Minds»ի քննարկման հիմնական նիւթը խորագրուած է ըստ հետեւեալի. «Տարածքաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ներդրումները. բազմաբեւեռութեան ազդեցութիւնը առեւտուրի եւ ներդրումային հոսքերու վրայ»։

Այս նիւթին շուրջ զեկուցումներով հանդէս պիտի գան զանազան երկիրներու ներկայացուցիչ յայտնի բանախօսներ։ Հայաստանէ ներս նախատեսուած ձեռնարկի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մին պիտի ըլլայ ծրագրի հարուստ մշակութային մասը, ներառեալ այցելութիւնները դէպի Հայաստանի պատմամշակութային վայրերը։ Այսպէսով գագաթաժողովի մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ժառանգութեան։

Հայաստանի մէջ նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը, գործարար, գիտական ու քաղաքական աշխարհէ ազդեցիկ անհատներու եւ առաջնորդներու այցելութիւնը պիտի նպաստեն երկրի միջազգային վարկանիշի բարձրացման։ Սա բացառիկ հնարաւորութիւն մը կը համարուի Հայաստանի ներուժի ներկայացման, համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու զարգացման, գործարար կապերու հաստատման տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019