ՉՈՐՐՈՐԴ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան այսօր չորրորդ անգամ գագաթաժողով մը կ՚իրականացնեն Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Այս երեք երկիրները, որոնք Աստանայի գործընթացի երաշխաւորները կը հանդիսանան, այսօր ամենաբարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւնները կը շարունակեն՝ Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման հեռանկարներուն շուրջ։ Այս ձեւաչափով եռակողմանի գագաթաժողովներուն առաջինը տեղի ունեցած էր Սոչիի մէջ, 22 նոյեմբեր 2017 թուականին։ Անգարայի մէջ 4 ապրիլ 2018 թուականին տեղի ունեցած էր երկրորդ գագաթաժողովը, իսկ 7 սեպտեմբեր 2018-ին Թեհրանի մէջ՝ երրորդը։ Այսօր Սոչիի մէջ արդէն չորրորդ գագաթաժողովը տեղի կ՚ունենայ՝ մասնակցութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի։ Պետութիւններու ղեկավարներուն առընթեր Սոչիի մէջ ներկայ են թեքնիկ պատուիրակութիւններ։ Այս գագաթաժողովէն առաջ ալ արդէն բաւական ծաւալուն աշխատանք մը տեղի ունեցած էր։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այսօրուան քննարկումներու օրակարգին վրայ կը գտնուին Իտլիպի կացութիւնը, ամերիկեան զօրքերու Սուրիայէ հեռացման գործընթացը եւ Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման համար մասնաւոր կոմիտէի մը ստեղծման աշխատանքները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019