ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Պրիւքսելի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովը։ Այս հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։ Պրիւքսելի մէջ Աքար հանդիպում մը ունեցաւ դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Անգարայի կողմէ ռուսական Ս-400 հրթիռային համակարգերու ձեռքբերման նիւթը։ Նախարարը ընդհանուր քարտուղարի նկատառման յանձնեց, որ Թուրքիա այս համակարգերը ունենալ կը փափաքի ոչ թէ նախընտրութեան բերումով, այլեւ ստիպողութիւններու հետեւանքով։

Պրիւքսելի մէջ Հուլուսի Աքար հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Փեթրիք Շանահանի եւ Յունաստանի Պաշտպանութեան նախարար Էվանկելոս Ափոստոլաքիսի հետ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Պրիւքսելի ժողովներէն անմիջապէս առաջ Հուլուսի Աքար հիւրընկալած էր Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 14, 2019