ԱՆՀԱՂՈՐԴՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑՆԵՐ
Ուքրայնայի տագնապը կը զուգորդուի Արեւմուտքի յառաջատար դերակատարներու եւ Ռուսաստանի միջեւ խտացեալ շփումներով։ Այս ամբողջին մէջ շաբաթավերջին միջազգային օրակարգի վրայ անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցը։ Բաց աստի, Ուաշինկթըն-Մոսկուա շփումներու շրջանակին մէջ հեռախօսազրոյցներ տեղի ունեցան ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն՝ Լոյտ Օսթինի եւ Սերկէյ Շոյկուի միջեւ։
Ռուս-ամերիկեան այս բազմակողմանի հաղորդակցութեան զուգահեռ՝ Վլատիմիր Փութին շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հետ, որ շուրջ շաբաթ մը առաջ Մոսկուա այցելած էր։ Փութին հեռաձայնով խորհրդակցեցաւ նաեւ Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։ Իսկ Պայտըն Փութինի առընթեր հեռաձայնով զրուցեց Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ եւ կրկնեց իր զօրակցութիւնը՝ ռուսական հաւանական յարձակման մը պարագային համար։ Զելենսքին ալ Պայտընը հրաւիրեց այցելել Քիեւ՝ դիտել տալով, որ այդպիսի քայլ մը կրնայ նպաստել իրավիճակի լիցքաթափման։
Միջազգային աղբիւրները այս հեռախօսազրոյցներու դիւանագիտութեան շուրջ մանրամասնութիւններ կը հրապարակեն, յենլով պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն վրայ։ Այսպէս, յայտնի կը դառնայ, որ բոլոր կողմերը նոյն վճռականութեամբ կը հետապնդեն իրենց շահերը, առայժմ լիցքաթափման ուղղութեամբ շօշափելի յոյսեր չկան, հաղորդումներուն մէջ չի բացառուիր պատերազմի վարկածը, սակայն, դիւանագիտական ճանապարհներն ալ սպառած չեն։ Նոյնպէս միջազգային տուեալներով, ամերիկեան լրաքաղութեան աղբիւրները ռուսական զօրքերու իւրաքանչիւր տեղաշարժի մասին հաղորդումները անմիջապէս հանրային կարծիքին հետ կը բաժնեն։ Այստեղ հետապնդուած նպատակն է՝ Ռուսաստանի հաւանական յարձակումը յապաղեցնել եւ Փութինի վրայ համաշխարհային ճնշում ապահովել։
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ուքրայնայի Արտաքին գործոց նախարար Տմիթրօ Քուլեպայի հետ։ Անոնք շօշափեցին վերջին իրադարձութիւնները։