ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը շաբաթավերջին վիճակագրական ծաւալուն տուեալներ հրապարակեց՝ ցայսօր իր կողմէ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Համայնքային մամուլի նկատառման յանձնուած այդ վիճակագրական տուեալները կը ցոլացնեն ամբողջական պատկեր մը՝ յանձնախումբի բազմակողմանի գործունէութեան տեսակէտէ։ Այսպէս, Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ցայսօր իրականացուցած գործունէութեան ընդհանուր ծաւալը կազմած է աւելի քան 1 միլիոն 400 հազար թրքական լիրա։ Աշխատանքը համատեղ իրականացուած է մեր 23 եկեղեցիներու աղքատախնամ մարմիններուն հետ։ 630 նպաստընկալ ունի այս յանձնախումբը, որ զանազան կառոյցներու հետ համագործակցութեան շնորհիւ իր կարողութիւնները որոշ չափով աւելցնելով՝ աւելի քան 800 օճախի համար նպաստ բերած է՝ համավարակի շրջանին զուգահեռ ծնունդ առած բացառիկ դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ։ Բաց աստի, 47 գաղթական ընտանիք օժանդակութիւն ստացած է յանձնախումբէն, որ իր նպաստընկալներուն ցայսօր տրամադրած է շուրջ 4 հազար 500 արկղ պարէնի օգնութիւն եւ աւելի քան 3 հազար 700 առեւտուրի քարտ։ Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը այս ազդու աշխատանքը կը տանի՝ շնորհիւ ցանցային մօտեցման եւ լաւ սահմանուած աշխատանքային առանցքներու։ Արդարեւ, կրթութեան, տարեցներու այցելութեան, հաղորդակցութեան, դաշտի վրայ աջակցութեան եւ բացի սնունդէ՝ այլ բնոյթի օժանդակութիւններու ենթայանձնախումբերը կ՚ապահովեն, որ ձեռնարկուած գործը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան մակարդակի հասնի։ Այս խումբը կ՚ապահովէ նաեւ իրաւաբանական, առողջապահական, թեքնիկ աջակցութիւններ, անհրաժեշտութեան պարագային իր նպաստընկալներուն կը յատկացնէ համակարգիչներ կամ իրեր ու կարասիներ։

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի գլուխը կը գտնուի Խաչիկ Ճանէլ։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 14, 2022