ԲՆԱԿԱՆՈՆ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳ

Պատ­րիար­քա­կան առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը գործ­նա­կան փուլ ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար մշա­կուած ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ե­րէկ սկսաւ պաշ­տօ­նա­պէս։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վը յետ­մի­ջօ­րէին Գում­գա­բուի մէջ գու­մա­րեց նիստ մը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ գու­մա­րուե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին զու­գա­հեռ Պատ­րիար­քա­րա­նէն հրա­պա­րա­կուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան զե­կոյց մը՝ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի դի­ւա­նին ստո­րագ­րու­թեամբ։ Այս զե­կոյ­ցով ազ­դա­րա­րուե­ցաւ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րը՝ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան օ­րա­կար­գով։ Վա­ղը յետ­մի­ջօ­րէին Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի ընտ­րուի տե­ղա­պահ մը։ Ա­ւե­լի վերջ ալ՝ տաս­նօ­րեայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ըն­թաց­քին պի­տի կազ­մուի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մի­նը։ Յա­ջորդ փու­լին ալ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թեան մի­ջո­ցաւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան դի­մում պի­տի ներ­կա­յա­ցուի՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ձեռ­նար­կե­լու հա­մար։

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, մինչ նա­խա-­տեսուած ըն­թա­ցա­կար­գը մեկ­նար­կած է բնա­կա­նոն ձե­ւով։ Վա­ղը ար­դէն հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը պի­տի ընտ­րէ տե­ղա­պահ մը, ինչ որ ինք­նա­բե­րա­բար պի­տի նշա­նա­կէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն սկիզ­բը։

Միւս կող­մէ, տե­ղա­պա­հի թեկ­նա­ծու­նե­րէն Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց, ուր մաս­նակ­ցե­ցաւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) խորհր­դակ­ցու­թեան։ Ան այս առ­թիւ իր տե­սա­կէտ­նե­րը յանձ­նեց հա­մայն­քի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րու նկա­տառ­ման։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ վեր­ջերս Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն մի­ջեւ ա­պա­հո­վուած հա­մա­ձայ­նու­թեան շուրջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ եւ բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած նա­խան­ձախնդ­րու­թեան մա­սին։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան փա­փաք յայտ­նեց, որ հա­մայն­քա­յին աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ բե­րեն ի­րենց դրա­կան նպաս­տը։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան պա­տաս­խա­նեց նաեւ քա­նի մը ժո­ղո­վա­կա­նի հարց­ման եւ ըն­դա­մէ­նը շուրջ կէս ժամ VADİP-ի նիս­տին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լէ վերջ՝ ժո­ղո­վաս­րա­հէն հրա­ժեշտ ա­ռաւ փո­խան­ցե­լով իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

VADİP-ի ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ընտ­րող­նե­րու ցու­ցակ­նե­րու կա­տա­րե­լա­գործ­ման հար­ցե­րը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, այս խնդի­րը լուրջ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Սա ընտ­րու­թիւն­նե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս վար­չա­կան կա­յու­նու­թեան ա­ռու­մով ա­ռանց­քա­յին հարց մը կը հա­մա­րուի։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր VADİP-ի ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին գրե­թէ ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ այս հար­ցին ա­ռըն­չու­թեամբ։ Ան յա­մա­ռօ­րէն կը մատ­նանշէ, թէ մին­չեւ որ այս խնդի­րը չու­նե­նայ բար­ւոք լու­ծում մը, մեր հա­մայն­քը պի­տի չկա­րե­նայ յաղ­թա­հա­րել ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդրին թնճու­կը։ Սա ի զօ­րու է թէ՛ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան եւ թէ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թեան հա­մար։

Այս նիւ­թին շուրջ վեր­ջին շրջա­նին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան կա­րե­ւոր աշ­խա­տանք­ներ տա­րուած են Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէն Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէ­քի եւ խումբ մը ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։ Նոյն­պէս այս նիւ­թին վրայ աշ­խա­տած է նաեւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի նախ­կին ա­տե­նա­պետ Է­րօլ Սե­հե­րեըլ­տը­զը։ VADİP-ի ե­րէ­կուան նիս­տին ըն­թաց­քին այս նիւ­թին շուրջ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ լու­սա­բա­նեց Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէք, որ հա­մա­կարգ­չա­յին մի­ջա­վայ­րի մէջ իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղե­ցի­նե­րու ցու­ցակ­նե­րու թար­մաց­ման, վե­րա­կանգն­ման հա­մար պատ­րաս­տած է են­թա­գե­տին մը։ Ան յայտ­նեց, թէ իր գլխա­ւո­րու­թեամբ տա­րուած աշ­խա­տան­քի հիմ­նա­կան նպա­տակ­ը ե­ղած է՝ կրկնա­կի ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու եւ կրկնա­կի քուէար­կու­թիւն­նե­րու կան­խու­մը։ Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէք յայտ­նեց, թէ հա­մա­կար­գը նա­խա­տե­սուած է իւ­րա­քան­չիւր ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռան­ձին գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար, սա­կայն ե­թէ տա­րուի ո­րոշ աշ­խա­տանք մը՝ ա­պա ան­կա­րե­լի չէ նաեւ ցան­ցի մը ստեղ­ծուի­լը։ Ան ո­րոշ են­թադ­րու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց ժո­ղո­վա­կան­նե­րու ու­շադ­րու­թեան՝ մատ­նան­շե­լով նաեւ ժամ­կէտ­նե­րու, այդ­պի­սի ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լու տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշտ ժա­մա­նա­կի խնդիր­նե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ներ­կա­յիս վե­ցամ­սեայ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը կը նա­խա­տե­սուի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար՝ Սար­վէն Սերթ­շիմ­շէք ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը մեկ­նա­բա­նեց նաեւ այս տե­սան­կիւ­նէն։ Ըստ ի­րեն, ե­թէ նոյ­նիսկ ա­մէն ինչ ըն­թա­նայ նա­խա­տե­սուած հու­նին մէջ, ե­թէ նոյ­նիսկ մեր բո­լոր թա­ղե­րը նման գոր­ծի մը ձեռ­նար­կե­լու ճա­նա­պար­հին ցու­ցա­բե­րեն մեծ ե­ռանդ եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գի, ա­պա յա­մե­նայն­դէպս վեց ամ­սուան ժամ­կէ­տը կրնայ ան­բա­ւա­րար ըլ­լալ ընտ­րող­նե­րու ցու­ցակ­նե­րու կա­տա­րե­լա­գործ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Իր կար­գին, VADİP-ի դի­ւա­նի ա­տե­նադ­պիր Յա­րու­թիւն Շան­լըն ալ, դի­տել տուաւ, որ կը նա­խա­տե­սեն յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պաշ­տօ­նի կո­չել ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ո­րոնք եւս կրնան զա­նա­զան մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն հետ շփուե­լով նպ­աս­տել ցու­ցա­կագր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 14, 2017